ԵՐԵՒԱՆ.- 30 Նոյեմբերի երեկոյեան Երեւանի Մաշտոցի պողոտային վրայ ՀՅԴի անդամները նախաձեռնեցին բողոքի ցոյցի՝ պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք փակեցին Մաշտոցի, այնուհետեւ` Սայաթ Նովայի պողոտաները` վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր» եւ այլն:
Ոստիկանները՝ զանոնք հրելով, գետնին քարշ տալով կը հեռացնէին պողոտայէն` բերման ենթարկելով, երբեմն նաեւ բիրտ ուժ կիրարկելով:
Ցոյցի վայրէն ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին բերման ենթարկուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան ցոյցին ընթացքին ըսաւ. «Ոստիկաններդ Շուշի յանձնող եւ Վազգէի արձանը պղծող էք, Ադրբեջանի դրօշը կը պցրէք ձեր վրայ, Իլհամ Ալիեւի ոստիկանութիւն»։ Ան նշեց, որ անհամաչափ ուժ կը կիրարկուի վարչական դատարանին կողմէ խաղաղ հաւաքներու արգելքի վերացումէն ետք, իսկ փողոց փակելը խաղաղ հաւաք է: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է ոստիկանութիւնը ժամկէտ նշէ, թէ քանի վայրկեան կարելի է փողոց փակել: Ըստ պաշտպանին՝ անօրինական է քաղաքացիները բերման ենթարկելը:
«Արժանապատիւ քաղաքացիները իրաւունք ունեն փողոց փակել: Միայն Իլհամ Ալեւի կօշիկները համբուրած Նիկոլ Փաշինեանը չէ, որ իրաւունք ունի փողոց փակել», շեշտեց ան:
Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող դաշնակցականներուն նախաձեռնած ցոյցի վայրէն ոստիկանութեան Երեւանի շարք մը բաժիններ բերման ենթարկուեցան 33 անձեր: