ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահութեան մարմինները «ահաւոր» որակեցին վերջին քանի մը օրերուն «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու մէջ այդ հիւանդութեամբ դարմանուողներու թիւերուն աճը։
Արդարեւ, 2 Դեկտեմբերին արձանագրուեցան 5987 նոր վարակումներ, մինչ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը բարձրացաւ 2439ի։
Մինչ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հիւանդանոցներու մէջ այդ հիւանդութեամբ դարմանուողներուն թիւը մօտաւորապէս 100,000 է, Քալիֆորնիոյ մէջ այդ թիւը հասած է 9365ի։
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացողներու մէկ օրուան թիւը նոր մրցանիշ մը հաստատեց 2 Դեկտեմբերին՝ հասնելով 3157ի, իսկ օրական նոր վարակակիրներուն թիւը անցած է 200,000ի սահմանը։
Միւս կողմէ, Բրիտանիա «Ֆայզըր»ի եւ BioNTech-ի պատուաստին գործածութիւնը վաւերացուց, որուն շնորհիւ պատուաստումները կրնան սկսիլ յառաջիկայ շաբաթ։