ՍՕՍԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1 Յուլիս 1940ին, Պաղտատ, Իրաք)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ քրոջ, տալոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Սօսի Առաքելեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2020ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2020ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Glendale Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Քոյրը՝ Քրիստին եւ Վարանդ Յովնանեան
Եղբօր կինը՝ Լորանս Առաքելեան (Լոնտոն)
Եղբօր կինը՝ Զուարթ Առաքելեան (Հայաստան)
Եղբօր զաւակը՝ Լեւոն եւ Սեւան Առաքելեան եւ զաւակները (Գանատա)
Եղբօր զաւակը՝ Պետրոս եւ Լիաննա Առաքելեան եւ զաւակը (Լոնտոն)
Եղբօր դուստրը՝ Արաքսի եւ Փիթր Հաուըլ եւ զաւակը (Լոնտոն)
Եղբօր զաւակները՝ Լօրիս եւ Այտա Առաքելեաններ (Լոնտոն)
Եղբօր դուստրը՝ Մարինա եւ Մայք Արապեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Սեդա եւ Սահակ Ալիքեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Անի եւ Սամուէլ Խաչատուրեան (Հոլանտա)
Եղբօր դուստրը՝ Հուրի եւ Սերժ Մատենեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Նայիրի եւ Սամ Ահտուդ եւ զաւակները
Եւ համայն Յովնանեան, Արապեան եւ Քեհէեան ընտանիքները, հարազատներն ու ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ընկերուհիները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին (ARS Sepan Chapter, 211 W. Chestnut St. #201, Glendale, CA 91204)։
ՍՕՍԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամուհիները իրենց իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի քրոջ՝ իրենց անդամուհիներէն Քրիսթինէ Յովնանեանին եւ ամուսնոյն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍՕՍԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի քրոջ՝ իրենց ընկերուհիներէն՝ Քրիսթին Յովնանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազտներուն։