ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ըստ պատմագրութեան Երեւան մայրաքաղաքի բուն պատմութիւնը կը սկսի Էրեբունի նշանաւոր ամրոցի հիմնադրութեամբ, որ տեղի ունեցած է ք.ա. 782 թուականին:
Էրեբունի անունը հինէն ծանօթ եղած է ուրարտագէտներուն, Ուրարտուի նշանաւոր թագաւոր Արգիշտի Առաջինի տարեգրութիւններէն, սակայն անոր վայրը կը մնար անծանօթ: Միայն 1950ին կը յստականայ, որ Էրեբունին Երեւանն է: Այդ թուականին, Երեւանէ հարաւարեւելք գտնուող Արինբերդ կոչուող բլուրին վրայ հետախուզութիւններու ընթացքին կը գտնուի սեպագիր արձանագրութիւն մը, որուն վերծանումէն կը պարզուի, թէ անիկա Էրեբունի բերդ-քաղաքի կառուցման վաւերագիրն է: Հոն կ՛ըսուի. «Խալդեան (աստուծոյ) մեծութեամբ Արգիշտին մինուայեան (Մինուայի որդին) այս անառիկ բերդը կառուցեց: Դրի անունը Էրեբունի Բիայնի երկիրներու փառքին համար եւ ի սարսափ թշնամիներուն: Արգիշտին կ՛ըսէ՝ հողը ամայի էր կատարեցի հզօր ձեռնարկութիւններ այստեղ: Խալդեան մեծութեամբ Արգիշտին Մինուայեան թագաւոր (է) հզօր, թագաւորը Բիայնի, տէրը Տուշպա (Վան) քաղաքի»:
Ըստ ուրարտագէտներու վերծանումներուն, Էրեբունի կը նշանակէ առեւանգում , գրաւում: Այդ հիման վրայ կ՛եզրակացուի, թէ Էրեբունին գործածուածէ իբրեւ «Յաղթանակ»:
Գտնուելով առեւտրական ուղիներու վրայ եւ ըլլալով վարչական ու տնտեսական կեդրոն, այնքան կը շէննայ ու կը բարգաւաճի քաղաքը, որ բնակելի թաղամասերը կը տարածուին բլուրէն բաւական հեռու:
Մար եւ Սկիւթական արշաւանքներու ժամանակ, ք.ա. 590-585 թուականներուն, այլ քաղաքներու կարգին Էրեբունի-Երեւանն ալ կը քանդուի, թէեւ բնակիչները կը մնան եւ կեանք տակաւին քանի մը դար կը շարունակուի, շնորհիւ Արարատեան դաշտին մէջ կառուցուած քաղաքներու բարգաւաճման, որուն բարերար ազդեցութիւնը կը կրէ նաեւ Էրեբունի-Երեւանը:
Աւելի քան հազար տարուան մէջ, հայ մատենագրութեան մէջ ոչինչ կայ գրուած Երեւանի մասին: Առաջին անգամ անուղղակի արձանագրութիւն կ՛ըլլայ եօթներորդ դարուն, Դաւիթ Երեւանցի եկեղեցականին անուան յիշատակութեամբ: Կը յիշատակուի նաեւ արաբական արշաւանքներու ժամանակ, երբ 643- 660ական թուականներուն արաբները կռուած են Հայաստանի համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Երեւանը ռազմական կարեւորութիւն ունեցած է:
12-13րդ դարերուն Երեւանը կը գրաւեր բաւականին մեծ տարածութիւն եւ հաւանաբար ունեցած է 15 հազարի շուրջ բնակչութիւն:
Ինչպէս ամբողջ շրջանին համար, Երեւանի համար ալ ճակատագրական կ՛ըլլան սելճուքեան մահասփիւռ արշաւանքները, որոնք ամայացուցին շրջանը, անկման եզրին հասցուցին քաղաքային կեանքը, առեւտուրն ու արհեստները, որոնցմով հռչակ շահած էր քաղաքը:
Սելճուքեան արշաւանքներուն յաջորդեցին նոյնքան աւերիչ, թաթար-մոնկոլական յարձակումները:
Մոնկոլներուն յաջորդեցին Լենկթիմուրի հորդանները. անոնք 4 անգամ արշաւեցին Հայաստան եւ բազմաթիւ բնակավայրերու կարգին, 1387ին թալանեցին ու աւերեցին նաեւ Երեւանը, հակառակ երեւանցիներուն դիմադրութեան փորձերուն: Լենկթիմուրի մահէն (1405) ետք, իր տէրութեան մասնատումով, թրքական քարա-քոյունլու եւ ագ-քոյունլու ցեղերը իրենց միապետութիւնը հաստատեցին Հայաստանի եւ Ատրպատականի վրայ:
Երեւան ընդհանրապէս մնաց երկրորդական-երրորդական բնակավայր մը, բացի 1437-1467 տարիներէն, երբ դարձաւ Արարատեան աշխարհի մեծ մասը ընդգրկող կուսակալութեան վարչական կեդրոնը. ասոր հետեւանքով բարձրացաւ իր նշանակութիւնն ու դերը:
16րդ դարուն կը սկսին Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արիւնահեղ պատերազմները, Հայաստանին եւ Երեւանին տիրելու համար: Այս պայքարը շարունակուած է դարերու ընթացքին, աւերի ու թալանի ենթարկելով Երեւանը, մահ եւ գերեվարութիւն տարածելով քաղաքին ու շրջապատին մէջ:
1603-1604ին Պարսկաստանի Աբբաս շահը ինը ամիս պաշարուած կը պահէ Երեւանի անառիկ բերդը (այժմու գինեգործարանի վայրը), որ ի վերջոյ կը յանձնուի պարէնի ու ջուրի պակասին պատճառով: Այս գրաւումէն ետք, շահ Աբբաս, չգոհանալով ունեցած աւարով, շրջանը անմարդաբնակ դարձնելու եւ հայ աշխատունակ գիւղացիութիւնը շահագործելու հեռանկարով, 300 հազար հայութիւն տեղահան կ՛ընէ ու քալելով կը փոխադրէ Պարսկաստանի խորքեր՝ Իսֆահանի (Նոր Ջուղա) շրջանը: Այս պատերազմին աւարտին՝ 1605ին, կը ստորագրուի դաշնագիր մը, որ կը վերահաստատէ 1555ի թուրք-պարսկական սահմանները եւ Երեւանը կրկին կը մնայ պարսկական տիրապետութեան տակ:
1612ին հաշտութիւն կը գոյանայ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, սակայն չորս տարի ետք թուրքերը կը դրժեն համաձայնութիւնը, կրկին կը պաշարէն Երեւանը, սակայն ձախողութեան մատնուելով կը նահանջէն ու կը հեռանան:
Երեւանը 20 տարուան խաղաղութեան ընթացքին որոշ չափով կը դարմանէ իր վնասները, բազմաթիւ գիւղեր կը վերականգնին. քաղաքը կրկին կը դառնայ արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն:
1635ի ամրան սուլթան Մուրատ մեծաթիւ բանակով մը անգամ մը եւս կը պաշարէ Երեւանը, եօթնօրեայ կռիւներէ ետք, թուրքերը դարձեալ բերդ կը մտնեն: Պարսիկները անակնկալի եկած էին թուրքերու յարձակումէն: Պարսիկները հակայարձակումի կ՛անցնին Դեկտեմբերին, մօտ երեքուկէս ամիս յամառ դիմադրութենէ ետք, թուրքերը տեղի կու տան եւ կը յանձնեն բերդը, 26 Մարտ, 1636ին: Երեւանը անգամ մը եւս թալանուած ու աւերուած էր թուրքերուն կողմէ:
1639ին անգամ մը եւս հաշտութեան դաշնագիր կը ստորագրուի եւ Երեւանը կը մնայ պարսիկներու տիրապետութեան տակ:
1647ին Երեւանը ունեցած է 17-20 հազար բնակչութիւն, եւ եւրոպացի ճամբորդներ կը հաստատէն, թէ «Երեւանը բնակուած է բացառաբար հայերով»:
Քանի մը տասնամեակ առանց պատերազմական վիճակի, հանդարտ կեանք մը կապրի Երեւանը, երբ ապրիլ 1724ին թուրքերը նոր արշաւանքի մը կը ձեռնարկեն: Երեւանի պարսիկ խանը կը փորձէ կանգնեցնել թուրքերու յառաջխաղացքը, սակայն կը պարտուի, կը նահանջէ ու կ՛ապաստանի բերդին մէջ, անպաշտպան ձգելով պարիսպէն դուրս Երեւան քաղաքը:
Հայերը կը զինուին հայ իշխաններու կողմէ եւ առաջին անգամ ըլլալով գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենան կռիւներուն մէջ եւ կը յաջողին կանգնեցնել թուրքերու յառաջխաղացքը: Դիմադրութիւնը կ՛երկարի 24 Յունիսէն 8 Սեպտեմբեր, երբ վճռական ճակատամարտին մէջ կը պարտուին, թիւով ու զէնքերով գերակշիռ թուրքերէն:
1735ին պարսիկները կը ձեռնարկեն Երեւանի վերագրաւման, եւ զինուորական յաջող մարտավարութեամբ մը ուժերու ճամբան կը փակեն, բերդը մեկուսացած կը պահեն եւ կը յաջողին գրաւել զայն ու հայութիւնը կրկին պարսիկներու կողքին կ՛ըլլայ:
Երեւանը կամ Երեւանի խանութիւնը այս ժամանակաշրջանին ունեցած է 24 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:
Պարսկական տիրապետութեան դարերուն Երեւանը եղած է առեւտրական կեդրոն եւ այժմու հասկացողութեամբ տնտեսական գործունէութեան գլխաւոր առանցքը: Երեւանը ունեցած է հինգ հրապարակներ, որոնց շուրջ ունեցած են 851 խանութներ եւ կրպակներ:
(Շարունակութիւնը յաջորդիւ)