ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը, որուն ընթացքին քննարկեցուեցաւ նաեւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացքը։ Որոշ ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ գտնուող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու հարցին կողքին, որոշուեցաւ Թուրքիոյ զէնք մատակարարելու հարցը քննել ՆԱԹՕի անդամներուն հետ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսաւ, որ ղեկավարները համաձայն գտնուած են, որ արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզիփ Պորել յաջորդ ժողովին համար զեկոյց մը պատրաստէ՝ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան մասին։ Այդ զեկոյցին մէջ պիտի ուսումնասիրուին նաեւ Լիպիոյ պարագան եւ Արցախի հարցը։ Այս վերջինին գծով Արեւմուտքին մօտ յառաջացած են անհանգստութիւններ եւ հրադադարի համաձայնութենէն որոշ ժամանակ ետք Պորել յայտնած էր, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա, համաձայնելով՝ Եւրոպական Միութիւնը դուրս ձգած են Արցախ հիմնահարցի կարգաւորման քայլերէն։