ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած յաղթական շքերթին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց արարողութեան ներկայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին: Տասնեակ հազարաւոր ատրպէյճանցիներ դուրս եկան փողոց՝ փառաբանելով Թուրքիան եւ ծածանելով թրքական ու ատրպէյճանական դրօշներ: Երկու նախագահները իրարու գովեստի խօսքեր շռայլեցին՝ կրկնելով իրենց հանրայայտ կարգախօսը՝ «մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն»:
Թէեւ Թուրքիոյ բանակը եւ անոր ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքերը վճռորոշ դեր խաղացին արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին, թէ՛ Ալիեւ, թէ՛ Էրտողան բազմիցս ստած են պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ստած են սուրիացի վարձկաններ Ատրպէյճան տեղափոխելու մասին՝ հայկական զօրքերու դէմ կռուելու համար:
Ատրպէյճանական եւ թրքական զօրքերու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ յաջողած պատերազմը ամրապնդեց Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի եւ անոր քաղաքականութեան վրայ: Շատ մը մեկնաբաններ այս իրավիճակը որակեցին իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի գրաւում: Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան բանակին կողմէ Պաքուի նուաճումէն ի վեր, ասիկա առաջին դէպքն է, երբ թուրք զինուորականները կը հասնին Կասպից ծովուն ափերը: Այս իրողութիւնը կ՛ամրապնդուի Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած համաձայնագիրով, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջէն անցնող երթուղի բանալ` Ատրպէյճանը կապելով Նախիջեւանին, այսպիսով՝ Թուրքիոյ ապահովելով դէպի Ատրպէյճան մուտք եւ հնարաւորութիւն դուրս գալու անոր սահմաններէնէն, կապուելու համար թրքական այլ հանրապետութիւններու հետ, աւելին՝ իրականացնելով փանթուրանական դարաւոր երազանքը:
Բայց ատրպէյճանաթրքական յարաբերութիւնները միշտ չէ, որ եղած են այսքան ջերմ ու սրտբաց: 2009ին, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա բանակցութիւններ կը վարէին իրենց ընդհանուր սահմանը բանալու վերաբերեալ արձանագրութիւններուն շուրջ, Ատրպէյճան խիստ զայրացած էր, որ Թուրքիա որոշած է Հայաստանի հետ նման քայլ մը կատարել՝ անտեսելով Ատրպէյճանի շահերը:
«Ուիքիլիքս»ը բացայայտած է Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած «Գաղտնի» հեռագիրը, որմով զեկուցուած է 3 Ապրիլ 2009ին նախագահ Ալիեւի, օրուան արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ արցախեան հիմնահարցի Մինսկի խումբի բանակցող Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Մեթիու Պրայզայի միջեւ տեղի ունեցած մէկ ժամնոց հանդիպման մասին: Հեռագիրը վերնագրուած էր «Ալիեւ խելամտօրէն կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տարբերակներուն, բայց կը շարունակէ կատղած մնալ Թուրքիոյ պատճառով»:
Հեռագիրին ամփոփիչ պարբերութեան մէջ կ՛ըսուէր հետեւեալը. «Ալիեւ չէ թաքցուցած իր վրդովումը Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի շահերու ակնյայտ անտեսման վերաբերեալ, եւ անոր բուռն վարքագիծին ցուցադրութիւնը, կարծես, հաշուարկուած էր, որպէսզի ընդգծէր Թուրքիոյ հետեւանքներուն լրջութիւնը, եթէ Ատրպէյճանի շահերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհաբերուին յանուն հայկական համաձայնութեան»:
«Ալիեւ պատասխանեց Թուրքիոյ ծաւալուն եւ դառն մեղադրանքով՝ իբրեւ «ստախօս, խաբեբայ եւ դաւաճան», կ՛ըսուէր հեռագիրին մէջ, «Անգարայի Դաւաճանութեան Դժգոհութիւնը» խորագիրին տակ: Նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ ներկայիս անկայուն իրավիճակին հետեւանքները անկանխատեսելի են, ան դժգոհեցաւ, որ Ատրպէյճան լուռ կ՛աջակցի վերջին շրջանին հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման, ներառեալ՝ նախագահ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», որ երբեք չէր կրնար երազել, թէ Թուրքիա «կը խաբէր մեզ»՝ անջատելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի յառաջընթացը այս գործընթացէն: Թուրքիոյ օրուան նախագահ Կիւլ խոստացած էր, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ յառաջընթացի՝ ոչ մէկ դուռ կամ սահման կը բացուի Հայաստանի համար, ըսած է Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Ան ստեց, ես այլեւս չեմ վստահիր անոր»:
Հեռագիրին մէջ այնուհետեւ կ՛ըսուէր, թէ «Ալիեւ նշած էր, որ երբ Յունուարին (2009) Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ վարչապետ Էրտողանի հետ, Էրտողան ոչինչ ըսաւ այն քայլերուն մասին, զորս Թուրքիա մտադիր է ձեռնարկելու Հայաստանի հետ…»: Տաւոսէն ետք, Էրտողան արտաքին գործոց նախարար Պապաճանը ուղարկեց Պաքու՝ բացատրելու համար, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման վերաբերեալ: «Պապաճան խնդրեց իմ աջակցութիւնը՝ ըսելով, որ մենք պէտք է փորձենք յառաջընթաց արձանագրել «զուգահեռաբար» Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ», բայց առանց այդ հարցերը իրարու հետ կապելու, ըսած էր Ալիեւ: Ան Պապաճանին յայտնած է, որ Ատրպէյճան չի սատարեր Հայաստանի հետ Թուրքիոյ քայլերը՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով յառաջընթաց արձանագրելու եւ նախանշած է «Թուրքիոյ ու այս տարածաշրջանին համար բոլոր հնարաւոր հետեւանքները», եթէ Թուրքիա ընթանայ այս ուղիով: Թուրքերը խնդրեցին Ալիեւէն գաղտնի պահել այս զրոյցը: Ալիեւի խօսքով` ինք համաձայնեցաւ, բայց ատկէ անմիջապէս ետք «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հայկական ծառայութիւնը յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղը «այլեւս խոչընդոտ չէ» հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման համար: «Ասիկա Ատրպէյճանի մէջ յառաջացուց մամլոյ արշաւ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր», աւելցուցած էր Ալիեւ։
Հեռագիրին համաձայն՝ «Ալիեւ ըսած էր, որ ինք արտաքին գործոց նախարար Արազ Ազիմովը երկու անգամ ուղարկած է Թուրքիա՝ ներկայացնելու համար թուրքերուն, թէ ի՛նչ պիտի ստանան եւ ի՛նչ պիտի կորսնցնեն կարգաւորումէն՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման կամ յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ առաջարկած է ընել թուրք-ատրպէյճանական միացեալ յայտարարութիւն այս նիւթին մասին: Ազիմով վերադարձած է առանց արդիւնքի, եւ այժմ Ատրպէյճան կանգնած է այն «իրողութեան» առաջ, որ Թուրքիա կը նախաստորագրէ, կը ստորագրէ եւ կը վաւերացնէ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու ու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին համաձայնագիրը»:
Հեռագիրին մէջ նաեւ ըսուած է հետեւեալը. «Ատրպէյճան նոյնպէս այլեւս չի կրնար պահպանել իր «համբերատար լռութեան» կեցուածքը հայ-թրքական գործընթացներուն վերաբերեալ: Ալիեւ նշած է, որ հաշուի առնելով Էրտողանի քաղաքական թուլութիւնը Թուրքիոյ մէջ կայացած վերջին ընտրութիւններու նախօրէին, Ատրպէյճան զերծ մնացած է հրապարակային յայտարարութիւններէ, որպէսզի չազդէ քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ: Բայց «լռութիւնը բարեկամութեան նշան էր, որուն թուրքերը արժանի չեն»: Թուրքիա կը շահարկէ հասարակական կարծիքը՝ Ատրպէյճանը ներկայացնելով որպէս համակերպուող Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, ուստի` այժմ Ատրպէյճան պէտք է հրապարակաւ յստակացնէ իր դիրքորոշումը»:
Աւելին, «Թուրքիա կը պատրաստուի կատարել պատմական լուրջ սխալ մը, զոր երբեք չի մոռցուիր», պնդած է Ալիեւ: «Մեր յարաբերութիւնները երբեք նոյնը չեն ըլլար: Մենք մէկ ազգ չենք եւ երբե՛ք չենք ըլլար: Մեր յարաբերութիւնները կը խաթարուին, եւ ատիկա աղէտ պիտի ըլլայ բոլոր հարցերուն մէջ՝ ապահովութիւն, տնտեսութիւն, ուժանիւթ», շարունակած է Ալիեւ: «Թուրքիա պէտք է որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի շահի եւ ի՛նչ կորսնցնէ: Ան, անշուշտ, կը կորսնցնէ Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիան, եւ վերջ կը դրուի թրքական համերաշխութեան», շարունակած է ան: Եթէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բաժնուին, հետեւանքներ պիտի ըլլան նաեւ Վրաստանի համար: Անոնք ամէն բան ըրին ուժանիւթային համագործակցութիւնը խաթարելու համար», ըսած է Ալիեւ՝ բորբոքած: Ապա աւելցուցած, որ Թուրքիա կը թերագնահատէ իր ներքին քաղաքականութեան վրայ Ատրպէյճանի ազդեցութեան աստիճանը: Նախապէս Ատրպէյճան երբեք չէ խառնուած Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան, «բայց ատիկա ազգային մտահոգութեան տեղիք կու տայ», նախազգուշացուցած է Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ ինքզինք «անձամբ դաւաճանուած» կը զգայ Կիւլի ու Էրտողանի կողմէ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն ուղղած իր խօսքը Ալիեւ եզրափակած է Թուրքիոյ ուղղուած նախազգուշացումով. «Երբ ատրպէյճանցիները հարցուցին թուրքերուն, թէ արդեօք իրենք համաձա՞յն են կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ բանալու սահմանը` առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման, թուրքերը չեն պատասխանած», աւելցնելով? «Լռութիւնը կը նշանակէ՝ այո՛… անոնք այս ըրին: Անոնք միշտ կ՛ըլլան սեւ ցուցակի վրայ»:
Այս հանդիպումէն ետք Ալիեւ շարունակեց ճնշել եւ սպառնալ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ, որպէսզի անոնք չվաւերացնեն հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Էրտողան ստիպուած էր արձանագրութիւններուն աւելցնել նոր պայման մը՝ ձգտելով Արցախէն հայկական զօրքերը դուրս բերել, ինչ որ Հայաստանի համար անընդունելի էր: Վերջապէս, արձանագրութիւնները տապալեցան, քանի որ Հայաստան եւ Թուրքիա կեանքի չկոչեցին այդ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը իրենց խորհրդարաններուն միջոցով:
Ալիեւ յաջողութեամբ կանխեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցումը: Հիմա, երբ Ալիեւ եւ Թուրքիա ռազմական ճամբով լուծեցին Արցախի հիմնախնդիրին մեծ մասը, անոնք վերսկսած են իրենց ջերմ յարաբերութիւնները գոյատեւման սպառնալիք ստեղծելով ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի համար:
Յուսանք, որ անսպասելի նոր զարգացումներ կարենան վերակենդանացնել Ալիեւի եւ Էրտողանի հին թշնամանքը՝ խարխլելով անոնց ներկայի սերտ յարաբերութիւնները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ