ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխարհի 97րդը դասուած ճատրակի գերվարպետ Կարէն Գրիգորեան յաջող ելոյթ ունեցաւ Պարսելոնայի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին: Ան առաւելագոյն 9 կէտերէն 8 կէտ ապահովելով՝ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, ինչպէս նաեւ 15 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը:
Մրցաշարքին ընթացքին Գրիգորեան արձանագրեց 7 յաղթանակներ, որոնցմէ 5ը` գերվարպետներու դէմ էին:
Նշենք, որ Գրիգորեան տիրացած էր նաեւ «Պարպերա տել Վալ» մրցաշարքի տիտղոսին: