ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, ՀՅԴի յատուկ պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութեամբ մը շնորհաւորեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ՝ Աւետիք Իզմիրլեան եւ բժիշկ Քարմէն Օհանեան ու անդամ Հրայր Կարապետեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի կազմին անունով դոկտ. Եագուպեան առաջնորդ սրբազանին փոխանցեց սրտագին շնորհաւորութիւններ եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց սրբազան հօր ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն ու գործունէութեան: Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ բժիշկ Քարմէն Օհանեան իրենց կարգին շնորհաւորեցին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդ ընտրութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւն յայտնեցին անոր բոլոր աշխատանքներուն, իսկ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ՀրայրԿարապետեան, որ նաեւ Քրեսենթա Հովիտի ծխական համայնքի հոգաբարձական կազմի ատենապետն է, շնորհաւորական իր խօսքին հետ դրուատեց նաեւ սրբազան հօր ծառայութիւնները:
«Կեդրոնական կոմիտէի եւ շրջանիս բոլոր ըկեր-ընկերուհիներուն անունով կը շնորհաւորեմ Արեւմտեան թեմին միաձայնութեամբ առաջնորդ ընտրուած ըլլալդ: Սակայն կ՛ուզեմ ըսել, որ թեպետեւ այս մէկը պաշտօնական այցելութիւն մըն է, մեր միջեւ արդէն ստեղծուած է այն առողջ եւ հարազատ մթնոլորտը, որ միշտ հիմքը եղած է Արեւմտեան թեմի եւ Դաշնակցութեան համատեղ գործակցութեան: Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժէշտ է, որ միասին աշխատինք՝ դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին ներկայ ճգնաժամը: Մենք ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր առաքելութեան մէջ, քաջ գիտակցելով եւ այն հասկացողութեամբ, թէ ձեր յաջողութիւնը միայն կրնայ նպաստել այս համայնքի հաւաքական աշխատանքին եւ վերջապէս ազգային մեր նպատակներուն», ըսաւ Իզմիրլեան։
Փոխադարձաբար, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ պատուիրակութեան այս այցելութեան համար՝ ըսելով. «Միասնաբար, կողք-կողքի, մեր բոլոր ուժերը համախմբելով՝ պիտի փորձենք մեր լաւագոյնը ընել մեր գաղութի առաւել ծաղկազարդման եւ բարգաւաճման համար, որովհետեւ մեր գաղութը պէտք ունի մեր ծառայութեան եւ մեր ամբողջական ներուժին։ Այսօր, աւելի քան երբեք պէտք է լարենք մեր ուժերը, որպէսզի կարենանք լաւագոյնս սատարել այն գերագոյն նպատակի յաջողութեան, որ Հայաստանի հզօրացումն է, Հայ եկեղեցւոյ անսասանութիւնը եւ հայ ազգի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումը ու անխափան երթն է դէպի փայլուն ապագայ»: