ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առաջին անգամ ըլլալով անուղղակիօրէն ակնարկեց անցեալ ամիս Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան, որ հերքուած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:
Իսրայէլեան օրաթերթը յայտնեց, որ Նեթանիահու Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ակնարկեց Շաբաթ գիշեր «Լիքուտ» կուսակցութեան դռնփակ ժողովին ընթացքին, ինչ որ այդ այցելութեան առաջին ծանօթ հաստատումն է:
Ըստ թերթին՝ իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած էին, որ Նեթանիահու անցեալ ամիս սէուտական Նիոմ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել կը ծրագրէ՞՝ Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ. «Վերջերս արաբական շարք մը երկիրներ այցելեցի. ինչպէս նախապէս չկրցայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մասին խօսիլ, հիմա ալ չեմ կրնար խօսիլ»:
Օրաթերթը հաւանական կը նկատէ, որ խօսքը Սէուտական Արաբիոյ մասին է, «որովհետեւ ի տարբերութիւն Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան, Նեթանիահուի կողմէ կատարուած որեւէ այցելութեան մասին չէ յայտարարուած»:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն այցելելու:
Ինչ կը վերաբերի Նեթանիահու-Պըն Սալման հանդիպումին սէուտական հերքումին՝ օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ «այդ հերքումը չի նշանակեր, թէ հանդիպումը տեղի չէ ունեցած, սակայն հարցը այն է, որ սէուտցիները այս հանդիպումին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածելու պատճառով մեծապէս նեղ կացութեան մատնուած են»:
«Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը հերքեց հանդիպումը, որովհետեւ շրջանին մէջ այլ արտաքին գործոց նախարարներու նման անտեղեակ էր այդ հանդիպումէն», այդ հանդիպումէն ետք յայտնեց իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի նախագահ Ամոտ Եիտլին: