ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսիա-Թուրքիա համատեղ ռազմական կեդրոնին, որ կը հաստատուի դիտարկելու համար Արցախի հրադադարի ընթացքը։ Ալիեւ անհանգստութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կարգ մը քաղաքական ուժեր յայտարարութիւններ կ՛ընեն, թէ օր մը հայերը դարձեալ պիտի տիրանան հողերուն։
«Foreign Policy» հեղինակաւոր հանդէսը կ՛անդրադառնայ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն՝ մատնանշելով, որ կողմերուն միջեւ տագնապալի հակասութիւններ կան եւ թէ Ռուսիա ու Թուրքիա զանազան հակամարտութիւններու մէջ հանդէս կու գան հակադիր ճամբարներու մէջ։ Թուարկուած օրինակներու շարքին կը մատնանշուի Կովկասը, ուր կը հակադրուին երկու կողմերը։ Թէեւ երկու երկիրներու նախագահները ցարդ յաջողած են յաղթահարել հարցերը, սակայն, որեւէ վէճ կրնայ սրել հակամարտութիւնները, որոնց մէջ երկու ղեկավարներն ալ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են։ Անդրադառնալով Արցախի տագնապին, «Foreign Policy»ն կը մատնանշէ, որ թէեւ Ռուսիա ռազմական դաշինք ունի Հայաստանի հետ, սակայն պատերազմի ժամանակ խուսափեցաւ որեւէ կողմի օգտին միանշանակ նախընտրութիւն կատարելէ։ Անիկա պահեց չէզոքութիւն եւ վերջապէս հասաւ հրադադարի, վերջ դնելով ռազմական գործողութիւններուն։ Իր կարգին, Թուրքիա ռազմական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերեց Ատրպէյճանին։ «Անդրկովկասի մէջ յաղթեցին թէ՛ Ռուսիան եւ թէ Թուրքիան։ Ռուսիա տարածքաշրջանին մէջ իր խաղաղապահները տեղակայեց եւ այսպէսով էապէս աւելցուց իր ազդեցութիւնը, իսկ Թուրքիա կրնայ յայտարարել, որ էական դերակատարութիւն ունեցաւ Ատրպէյճանի յաղթանակին ուղղութեամբ եւ օգուտ պիտի քաղէ Հայաստանէն անցնելիք առեւտրական միջանցքէն», կր գրէ թերթը։
Վերլուծութեան մէջ կը նշուի, որ Մոսկուա-Անգարա կապերու ամրապնդումը կը վկայէ, թէ անոնք հետզհետէ շատ աւելի կ՛ընդդիմանան Միացեալ Նահանգներուն եւ Արեւմտեան Եւրոպային։ Յամենայնդէպս, «Foreign Policy»ն այդ կապերը կայուն չի նկատեր եւ յարաբերութիւններու վատթարացումը կրնայ երկու կողմերուն համար ալ հարցեր ստեղծել քանի մը ճակատներու վրայ։
Այս համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ նաեւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Հուլուսի Աքարի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Ատրպէյճան մեծ նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ փոխադրութեան միջանցքի ձեւաւորման։ Ալիեւ աւելցուց, որ իր երկիրը երկաթուղիի մը շինարարութեան պիտի ձեռնարկէ դէպի Հայաստանի հետ սահմանը։ «Կը կարծեմ եւ վստահ եմ, որ մենք կրնանք արդէն Ատրպէյճանէն Թուրքիա ապրանքներ ուղարկել Հայաստանի եւ Նախիջեւանի տարածքով եւ ապրանքներ ստանալ հակառակ ուղղութեամբ։ Այսպէսով կ՛իրականացուի Նախիջեւանի միջանցքի բացումը, ինչ որ կարեւոր մասն է եռակողմանի յայտարարութեան», յայտնեց Ալիեւ։