ՊՈԼԻՍ․- «Նռան Յոյսը» նախագիծը ի մի կը բերէ երաժիշտներ, որոնք կը մաղթեն առողջ, խաղաղ եւ բարեբեր Նոր տարի մը։ Նախագիծի հեղինակը եւ ձեռնարկին կազմակերպիչն է Սեւան Աթաօղլու (sevanataoglu@gmail.com)։ Ելոյթներով հանդէս պիտի գան Աւետիս Էօզտեմիր, Պարթեւ եւ Արի Հերկել, Լարիսա Փոյրազ եւ Ռոպեր Տօղանայ, «Ոմանք» խումբը, Մանէ եւ Առէն, Արթօ Թունչպոյաճեան եւ Եաշար Քուրթ, «Լապտերներ» նուագախումբը եւ Այշէնուր Քոլիվար։ Եղիա Աքկիւն պիտի արտասանէ Կարպիս Ճանճիկեանէն բանաստեղծութիւններ։ Պիտի հրամցուին նոր կատարումներ։
Երաժշտական հաղորդումը կարելի է դիտել 6 Յունուարինը, Պոլսոյ ժամանակով երեկոյեան ժամը 8:21էն սկսեալ (GMT +3, Լոս Անճելըսի ժամով, առաւօտեան ժամը 9։21ին), Nran Houyse, «YouTube» կայքին վրայ։