ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուրբաթ, 8 Յունուարին, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեան եւ Տարօն Սիմոնեան հանդիպում ունեցան Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վահրամ Բալայեանի եւ Դաւիթ Իշխանեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ Արցախ կատարած իրենց այցելութեան նպատակը տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալն է եւ իրենց օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը ներկայացնելը:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը, որ ուղղակիօրէն կ ունի գործող իշխանութիւններու հեռացման հետ: Բացի Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ապահովութեան հարցերէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ներքաղաքական զարգացումներուն եւ ապագայի աշխատանքներու վերաբերող հարցեր: