ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 8 Յունուարին տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի խորհուրդի հերթական նիստը, զոր վարեց Վազգէն Մանուկեան:
Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ 11 Յունուարին նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման եւ հնարաւոր պայմանագիրներու վաւերացման հարցը, որ լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է մեր հասա
րակութեան մօտ:
Քննարկուեցաւ եւ վերլուծումի ենթարկուեցաւ շարժման՝ մինչ օրս կատարած գործունէութիւնը:
Ճշդուեցան կատարելիք աշխատանքները ու գործողութիւններու ծրագիրը։