ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Միացեալ Նահանգներու այլ շրջաններու նման, Լոս Անճելըս գաւառը եւս որոշեց հիւանդանոցները միայն կենսական գործողութիւններու կարիքը ունեցողներուն առջեւ բաց պահել, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ համաճարակին հետեւանքով հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներուն թիւին աճը գրեթէ անդամալուծած է առողջապահութեան մարզը։
Ըստ Հինգշաբթի օրուան տուեալներուն՝ գաւառին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 8098 քաղաքացիներ կը դարմանուին հիւանդանոցներու մէջ, մինչ վարակումի համեմատութիւնը բարձրացած է 20,4 տոկոսի։
Նաեւ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով մէկ օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու տարածքին համաճարակին զոհ գացածներուն թիւը անցած է 4000ի սահմանը, հասնելով 4085ի։
Նշենք, որ երկրին տարածքին վարակակիրներուն թիւը 22 միլիոնի սահմանը անցած է, իսկ զոհերուն թիւը կը մօտենայ 375,000ի։