ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ինթըրֆաքս» ․- Ռուսիոյ զինուորական քննիչները իրենց ատրպէյճանցի գործընկերներէն օգնութիւն խնդրեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ռուսական մարտական «Մի-24» տեսակի ուղղաթիռի զգետնման դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի քննութեան ընթացքին:
«Այս գործի քննութեան ընթացքին անհրաժեշտ դարձաւ իրականացնել շարք մը քննչական գործողութիւններ, մասնաւորաբար` պարզելու համար շարք մը կասկածելիներու ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ այս միջադէպին հանգամանքները», ըսաւ ռուս պաշտօնատար մը:
Ան յայտնեց, որ միայն համապատասխան նիւթեր ստանալէ ետք պիտի լուծուի ռուս զինուորական օդաչուներու սպանութեան համար մեղադրանքներ առաջադրելու հարցը:
«Որովհետեւ մենք կը խօսինք օտար քաղաքացիներու մասին, որոնք չեն կրնար արտայանձնուիլ, ռուսական կողմը, ամենայն հաւանականութեամբ, հետաքննութեան նիւթերը պիտի ուղարկէ Պաքու` յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար», բացատրեց ռուս պաշտօնատարը՝ աւելցնելով, որ ներկայիս Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննիչները հետաքնութիւն կը կատարեն Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրքի «Երկու կամ աւելի անձերու դիտաւորեալ սպանութեան» յօդուածով յարուցուած քրէական գործով, որ կը նախատեսէ պատիժ մինչեւ ցկեանս բանտարկութիւն: