ԵՐԵՒԱՆ․- Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ 11 Յունուարի հանդիպումէն առաջ, Փութին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ քննարկած էր հանդիպման վերաբերող կարգ մը հարցեր: Մաքրոն իր աջակցութիւնը յայտնած էր Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման աջակցելու՝ Ռուսիոյ ջանքերուն:
Պատասխանելով «168.am»ի՝ «արդեօք կարելի՞ է ասել, որ Մակրոնը Արցախի հարցում մտնում է խաղի մէջ» հարցումին՝ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ Մաքրոն կը փափաքի, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը մնայ տագնապին լուծման միակ հարթակը:
«Մաքրոն կը փորձէ Փութինին համոզել, որ նաեւ Ռուսիոյ շահէն կը բխի Արցախի հիմնահարցին միասնական լուծում գտնելու տարբերակին պահպանումը: Մաքրոն համոզուած է, որ Արցախի կարգավիճակին հարցը պէտք է յստակ ըլլայ՝ դէպի անկախութիւն, եւ, որ պէտք է այդ իրողութիւնը ճանչնայ միջազգային համայնքը: Ըստ Մաքրոնի`որոշ տարածքներու հարցը, որոնք Ատրպէյճան ուժով գրաւած է՝ խախտելով հրադադարը, պէտք է օրակարգի նիւթ դառնայ», յայտնեց Փափազեան:
Միւս կողմէ, «Արմինֆօ»ն կը գրէ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի դեսպաններ Ճան Սալիւանին եւ Փիեռ Լեւիին փոխանցեց նշեալ եռակողմանի բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, ապա տեղի ունեցաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ կարծիքներու փոխանակում։