ՍԵԴԱ (ՍԱՒՈՒԼԵԱՆ) ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1944ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սեդա Պաղտասարեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2021ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021ին, ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ միայն։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Անդրանիկ Պաղտասարեան
Զաւակը՝ Օհան եւ Լինէթ Պաղտասարեան եւ դուստրերը՝ Լիա եւ Էլլա
Զաւակը՝ Ռոստոմ եւ Ֆրիտա Պաղտասարեան եւ զաւակները՝ Քէյթլին, Քլօի եւ Քրիսթըֆեր
Դուստրը՝ Դալար եւ Ցոլակ Խաչերեան եւ զաւակները՝ Ալիք, Սարին եւ Հրակ
Քոյրը՝ Սօսի Սաւուլեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Շուշիկ Պէքայէֆ եւ զաւակները
Եւ համայն Պաղտասարեան, Սաւուլեան, Պէքայէֆ, Չալեան, Գապագեան, Եագուպեան, Աբրահամեան եւ Պատալեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ճեմարանի Սաներու ֆոնտին (Hamazkayin Djemaran Assoc., P.O.Box 280042, Northridge, CA 91328) կամ Հայ Օգնութեան Միութեան (ARS, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202)։
Այս տխուր առիթով հանգուցեալի ամուսինը՝ Անդրանիկ Պաղտասարեան եւ զաւակները իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնելով կամ գրութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին։
ՍԵԴԱ (ՍԱՒՈՒԼԵԱՆ) ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Ճեմարանականներու Ընկերակցութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԵԴԱ (ՍԱՒՈՒԼԵԱՆ) ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի՝ ՀՕՄի բարերարուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսինին՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։