ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը կը պատրաստուի «Հրանդ Տինք» Միջազգային Մրցանակի 13րդ փուլին, որուն պարգեւներու տուուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 Սեպտեմբերին։ Հիմնարկը հրապարակումով մը կոչ կ՛ուղղէ հասարակութեան՝ թեկնածուներ առաջադրելու։ Ինչպէս ծանօթ է՝ մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ, բռնութենէ զերծ մնացած եւ աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը կառուցման համար աշխատող, այդ տեսլականին համար իր կեանքը վտանգելէ չխուսափող եւ իր տարած պայքարով ուրիշներուն ալ յոյս եւ ներշնչում փոխանցող անձերու կամ կազմակերպութիւններու։
Այս տարուան մրցանակին համար կարելի է առաջարկներ ներկայացնել մինչեւ 30 Ապրիլ։ Առաջարկ ներկայացնողներէն կը պահանջուի նաեւ տուեալ անձին-կազմակերպութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցել։ Այս մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ տեղադրուած են հիմնարկին https://hrantdink.org/en/international-hrant-dink-award/laureates/nomination կայքէջին վրայ։