ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ դիտել տուաւ, թէ Հայաստան Իրանի լաւ դրացի է, երկու երկիրները ունին տարածաշրջանային ընդհանուր մտահոգութիւններ՝ շեշտելով, որ երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափով կան համագործակցելու կարելիութիւններ։
«Անշուշտ դուք գիտէք Իրանի դիրքորոշումը ճգնաժամին վերաբերեալ. անիկա միջազգային իրաւունքի պահպանումն է, ժողովուրդներու պահպանումը, փոքրամասնութիւններու պահպանումը, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը եւ ուժի չկիրարկումը: Անշուշտ, դուք տեղեակ էք նաեւ մեր հոգեւոր առաջնորդի պնդման մասին, որ հայերու անվտանգութեան պահպանումն է, ինչպէս նաեւ անոնց արժանապատիւ կեանքի ապահովումը: Նաեւ դուք գիտէք, որ մենք Իրանի մէջ կը հիւրընկալենք մեր հայ հայրենակիցներին եւ միշտ պատրաստ ենք ծառայելու անոնց, շատ լաւ եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունինք անոնց հետ», Փաշինեանին ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը եւ նախարարը միտքեր փոխանակեցին արցախեան պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման եւ այդ ուղղութեամբ կառուցողական փոխգործակցութեան ոգիով աշխատանքը: Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ տակաւին անլոյծ կը մնան բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, եւ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ մարդասիրական հարցերու շուրջ: Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան կը հասկնայ Հայաստանի մտահոգութիւնները եւ պատրաստ է օժանդակելու մարդասիրական ջանքերուն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին եւ տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն:
Զարիֆի եւ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպումին լուսարձակի տակ առնուեցան երկկողմանի օրակարգի հարցեր` գոհունակութիւն յայտնելով ներկայ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան առնչութեամբ` ընդգծելով տարբեր մակարդակներու վրայ կապերու եւ փոխայցելութիւններու առաւել աշխուժութեան կարեւորութիւնը: Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնեցին համատեղ ջանքեր գործադրելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ, փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:
Նախարարներ Այվազեան ու Զարիֆ հանգամանալից միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ՝ մտահոգութիւն յայտնելով տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու տեղակայման վերաբերեալ:
Տարածաշրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէն նախարար Այվազեան կարեւոր նկատեց Իրանի հետ սերտ փոխգործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու երկխօսութիւնը այս ուղղութեամբ:
Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան շատ կարեւոր կը նկատէ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը յարգէ ու կը հետեւի, որ բոլոր ժողովուրդներուն կրօնական եւ այլ իրաւունքները միշտ պաշտպանուած ըլլան: «Մեր կարմիր գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն է, որուն մասին մենք յստակ արտայայտուած ենք», շեշտեց ան։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել զարգացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ անվտանգութեան ոլորտներու մէջ։