ԵՐԵՒԱՆ.- Լոյս տեսաւ ՀՅԴի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 2021ի առաջին թիւը՝ առցանց: Առաջնորդող յօդուածը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի նորագոյն իրադարձութիւններուն:
Կատարուած է հարցազրոյց մը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեանի հետ: Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ կուսակցութեան կատարած գործունէութեան:
Վարդան Յակոբեան կը բացատրէ Արցախի դէմ կատարուած վերջին պատերազմէն ետք տարածաշրջանային նոր իրողութիւնները եւ անոնց հեռանկարը:
Իր կարգին, արեւելագէտ, տարածաշրջանային հարցերու փորձագէտ Արմէն Պետրոսեան կը ներկայացնէ Էրտողանի որդեգրած ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, կիզակէտ ունենալով Թուրքիոյ դերակատարութիւնը` Արցախի պատերազմին մէջ:
Հայաստանի հասարակական երկփեղկուածութեան մասին իր մտահոգութիւնները կը ներկայացնէ Արա Նռանեան, շեշտելով իշխող ուժերու ապազգային քարոզչութիւնը եւ անպատասխանատուութիւնը:
Պատմաբաններ Արմէն Ասրեան եւ Անի Մելքոնեան կ՛անդրադառնան 102 տարի առաջ Յունուար ամսուն, կեանքէն հեռացած Հայաստանի հիմնադիր Արամ Մանուկեան մարդուն, քաղաքացիին եւ պետական գործիչի կերպարին, զուգահեռներ գծելով մեր օրերուն հետ եւ ընդգծելով առաջնորդի բարոյական, քաղաքական կերպարը եւ պատասխանատուութեան զգացումը:
Անի Մելքոնեան նաեւ կը ներկայացնէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռոստոմի կերպարը:
Դերենիկ Մելիքեանի «ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւ Պարսկաստանի Սահմանադրական Շարժումը» ուշագրաւ յօդուածին երկրորդ եւ վերջին մասն ալ կարելի է կարդալ այս թիւին մէջ:
Այս տարուան «Դրօշակ»ի առաջին թիւը կարելի է ամբողջութեամբ կարդալ droshak.am կայքին վրայ: