ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿը 2 միլիոն տոլարի չափով ֆինանսական օգնութիւն տրամադրեց` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր մերձակայքը վերջերս տեղի ունեցած հակամարտութեան պատճառով Հայաստան ապաստանած անձերուն կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու համար:
Ըստ ՄԱԿի հայաստանեան ներկայացուցչութեան պաշտօնական կայքին՝ այս միջոցները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցիներուն եւ զանոնք ընդունող համայնքներուն առաջնային կարիքներու բարելաւման: Պատերազմին եւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք առաւել քան 90 հազար անձեր, հիմնականին մէջ կիներ եւ երեխաներ փոխադրուած են Հայաստան։