Քրեսենթա Հովիտի Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան Երիտասարդական կեդրոնի Արեւմտեան Հայաստանի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, կազմակերպած է «Զում»ով եւ Դիմատետրով ներկայացում մը՝ «Արցախի Յարատեւումի Կարելիութիւնը», ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի մասնակցութեամբ:
Կիրօ Մանոյեան պիտի անդրադառնայ 44օրեայ պատերազմին, որ հիմնականօրէն փոխեց իրավիճակը Արցախի մէջ եւ շուրջ, շրջելով անցնող 30 տարիներու քաղաքական, տարածքային, դիւանագիտական եւ այլ գլխաւոր ձեռքբերումներ: Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները կը դիմագրաւեն արտաքին եւ ներքին նոր մարտահրաւէրներ, նոյնիսկ` գոյութենական վտանգներ:
Ի՞նչպէս կրնայ հայ ազգը յաղթահարել այս մարտահրաւէրները ու վտանգները. հրատապ ի՞նչ փոփոխութիւններ են անհրաժեշտ. որո՞նք են Արցախի գոյատեւման տարբերակները՝ իբրեւ անկախ պետութիւն Արցախի միջազգային ճանաչո՞ւմ, Հայաստանի հետ միացո՞ւմ, Ռուսիո՞յ հետ միացում կամ մնալ ինչպէս որ է:
Կիրօ Մանոյեանի նախնիները Խարբերդէն եւ Տիգրանակերտէն են: Ան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1976ին տեղափոխուած է Մոնթրէալ, Գանատա: Տեղւոյն Քոնքորտիա համալսարանին մէջ ուսանած է քաղաքական գիտութիւն: 1980ականներուն եղած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը, 1989-1991ին՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի օգնական խմբագիրը, իսկ 1991-1999՝ նոյն թերթին խմբագիրը: 1999ին տեղափոխուած է Երեւան:
2001էն ի վեր տնօրէնն է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակին: 2015ին եւ 2019ին ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
Zoom Link:
https://us02web.zoom.us/j/89032010858?pwd=WXdvVWZTRW5FT2JOaXpnVW54YXVydz09
Follow Facebook Page at “ANCA Crescenta Valley”