«Ուաշինկթըն Փոսթ»ի թուրք աշխատակից Ասլը Այտընթաշպաշ նոյն օրաթերթին մէջ հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Ճօ Պայտընի նախագահութեան ընթացքին թուրք-ամերիկեան խարխլած յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Ամերիկեան ազդեցիկ թերթին լրագրողը զրուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մէջ շարք մը անանուն աղբիւրներու հետ, ներառեալ Էրտողանի աւագ խորհրդականներէն մէկուն:
Խորհրդականը նշած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ յայտնած զանոնք կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին:
«Զարմանալի էր, որ Էրտողանի աւագ խորհրդականը ինծի ըսաւ, թէ Անգարա պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ», կը գրէ Այտընթաշպաշ:
Թուրքիա Նոյեմբերին աջակցած էր Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութեան, սակայն պաշտօնատարը այժմ կը նշէ, որ կրնան համագործակցիլ իրենց պատմական թշնամիին հետ եւ նոյնիսկ բանալ սահմանները:
«Մեզի համար խնդիր էր Ատրպէյճանի տարածքներու՝ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւումը: Սակայն այդ հարցը այժմ լուծուած է: Եթէ Հայաստան փափաքի քայլ կատարել, մենք պատրաստ ենք», Էրտողանի խորհրդականին խօսքերը կը մէջբերէ Այտընթաշպաշ:
Լրագրողը կը նշէ, որ թէեւ Հայաստան եւ Կիպրոս չեն նկատուիր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու միջուկը, սակայն այդ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ Արեւմուտքին հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւներու բարելաւման: