ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան (ԱԵՄ) նախաձեռնութեամբ՝ 13 Փետրուարին կազմակերպուեցաւ ճրագներով երթ` Արցախեան շարժման օրուան առիթով եւ պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորներուն յիշատակին:
ընտրուած էր այս օրը, որովհետեւ 33 տարի առաջ նոյն թուականին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան գոյապայքարի առաջին հանրահաւաքը:
«Երթ խոնարհումի եւ հպարտութեան» նշանաբանով ձեռնարկը մեկնարկեց Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն եւ հաւսաւ Եղբայրական գերեզմանատունը: Երթը պահ մը կանգ առաւ Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղադրուած 44օրեայ պատերազմի զոհերու լուսանկարներուն մօտ, ուր վառեցան 88 մոմեր:
Մոմերով երթը եզրափակուեցաւ Եղբայրական գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:
Նոյն օրը, ՀՅԴ Մարտունիի «Մերուժան Մոսիյեան» երիտասարդական խումբը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեանի եւ ՀՅԴ ԱԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկային Մարտունի քաղաքին մէջ իրականացուելիք ծրագիրները, երիտասարդութեան մօտ հայրենիքի մէջ ապրելու գաղափարի արմատաւորման, յետ-պատերազմեան շրջանին երիտասարդութեան դիմաց ծառացած հարցերը եւ երիտասարդութեանը յուզող այլ հարցեր:
Երիտասարդական Միութեան անդամները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Մարտունի քաղաքին մէջ տեղակայուած Նժդեհի արձանին կազմաքանդումը կանխելու հարցին գծով:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակներուն մէջ ազգային դաստիարակչական ծրագիրներու կազմակերպման:
Աւելի ուշ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի անդամ Արսէն Շիրվանեան, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն հետ այցելեցին Մարտունի քաղաքը եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Գարեգին Նժդեհի եւ Մոնթէ Մելքոնեանի յիշատակին:
Այցելութեան ծիրին մէջ ՀՅԴ ԱԵՄի անդամները այցելեցին դիրքապահներուն, զրուցեցին ստեղծուած իրավիճակին մասին, դիտարկեցին բարձունքը եւ ծանօթացան զինուորականներու առօրեային:
Երիտասարդները այցելեցին նաեւ Մարտունիի բարձունքին տեղակայուած խաչը եւ տարածքը մաքրեցին: