ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութեան հետ համագործակցաբար՝ իր նախաձեռնած ստորագրահաւաքին կարելի եղած է ապահովել 100 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը։
Անոնք ստորագրած են նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին հասցէագրուած այն նամակին տակ, որուն միջոցաւ վարչակազմէն Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ հետեւեալ քայլերը կը պահանջուին.
– Անմիջական յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին վերակառուցման համար.
– Աշխոյժ մասնակցութիւն Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու ջանքերուն, որ հիմնուած պիտի ըլլայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու սկզբունքին վրայ եւ որ կ՛երաշխաւորէ Արցախի ապահովութիւնը.
– Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցութիւն.
– Հայ գերիներուն անմիջական ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն մէջ ամերիկեան ղեկավարութիւն.
– Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան սառեցում եւ պատժամիջոցներ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն դէմ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց լուրջ ոտնակոխումներուն համար.
– Աջակցութիւն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն.
– Նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան ողջունեց մեծաթիւ քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հասցէագրուած նամակին։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ եւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց եւ իրենց ճամբով՝ Հայաստանին եւ Արցախին զօրակցող քոնկրեսականներուն։