ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ իր երկիրը կը ձգտի Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը երկարաձգել եւ ամրապնդել` աւելցնելով. «Ամերիկա նաեւ կ՛ուզէ աշխատիլ տարածաշրջանին մէջ Իրանի ապակայունացնող գործողութիւններուն եւ հերահաս հրթիռներ զարգացնելու հարցերով»:
Պլինքըն ըսաւ, որ Իրան պէտք է յարգէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ իր կնքած ապահովութեան երաշխաւորման համաձայնութիւնները եւ բոլոր միջազգային յանձնառութիւնները:
Ան նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր է Չինաստանէն պահանջել իր զէնքերու ծրագիրին վերաբերեալ աւելի մեծ թափանցիկութիւն երաշխաւորել: