ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իզվեսթիա».- Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ամբողջական էր. անոր մէջ կը նշուի, որ Ռուսիոյ ղեկավարը կողմ է, որ Հայաստանի սպայակոյտի պետի պաշտօնազրկման յառաջացուցած հարցը օրէնքի ծիրին մէջ լուծուի, յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Լրատուամիջոցները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Մոսկուայի եւ Երեւանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններու տարբերութեան վրայ: Լրագրողները կը նշեն, որ հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Փութին կը զօրակցի Հայաստանի օրինական իշխանութիւններուն, մինչդեռ Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ այդպիսի ձեւակերպում չկայ:
«Եթէ դուք ուշադիր նայիք մեր կողմէ հրապարակուած բնագիրին, հաւանաբար կարելիութիւն ունեցած էք այդտեղ կարդալու այն արտայայտութիւնը, որ Ռուսիոյ նախագահը կը խօսի հարցին՝ օրէնքի ծիրին մէջ լուծելու մասին, ասիկա շատ կարեւոր արտայայտութիւն է: Մենք տուած ենք բաւական ամբողջական ձեւակերպում», ըսաւ Փեսքով: