ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ, 2 Մարտին բացումը կատարուեցաւ «Արցախի ձեռագրական արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են «Մատենադարան-Գանձասար» գիտական-մշակութային կեդրոնէն մատենադարան տեղափոխուած արցախեան ձեռագիրներու արժէքաւոր նմոյշներ:
Ցուցադրուած են նախորդ տարուան 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Գանձասարէն Երեւան տեղափոխուած առաւել քան 50 ձեռագիր գիրքերու նմոյշներ եւ արխիւային փաստաթուղթեր` ստեղծուած Արցախի գրչութեան կեդրոններ` Ամարասի, Գանձասարի, Եղիշէ Առաքեալի վանքին, Գտչավանքին, Մեծառանաց Սբ․ Յակոբաւանքին, Խադաւանքին, Դադիվանքին, Երիցմանկանց վանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են տպագիր գիրքերու նմոյշներ՝ Շուշիէն: Մատենադարանին մէջ ցուցադրուող ամէնէն հին նմոյշը Գանձասարի` Հասան Ջալալեաններուն պատկանած ձեռագիր աւետարանն է, որ պատրաստուած է ԺԳ. դարուն:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին «Մատենադարան-Գանձասար» կեդրոնի տնօրէն Արամ Թորոսեան տեղեկացուց, որ Գանձասարէն ձեռագիր մոյշները Երեւան տեղափոխուած են անցեալ տարուան Սեպտեմբեր 27ին սկսած պատեազմին ընթացքին:
«Երբ սկսուեցին ռազմական գործողութիւնները, մենք ձեռնամուխ եղանք գիտամշակութային կենտրոնի ցուցադրութիւնն առաւել ապահով վայր տեղափոխելուն: Յատկապէս, երբ հակառակորդը գերճշգրիտ հարուածներով թիրախաւորում էր Արցախի հոգեւոր մշակութային կենտրոնները: Ուստի որոշում կայացրինք ռազմական գործողութիւնների հատուածից անմիջապէս տարհանել բոլոր ձեռագրերն ու տեխնիկական միջոցները: Կամաւորների աջակցութեամբ մեզ յաջողուեց ցուցանմուշները տեղափոխել Երեւան», պատմեց Թորոսեան: Ըստ անոր՝ Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ արցախեան ձեռագիրներու ցուցահանդէսը ժամանակաւոր է` համապատասխան պայմաններու պարագային անոնք պիտի վերադարձուին Գանձասար: «Հարկ եմ համարում նշել, որ «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կենտրոնը շարունակում է իր գործունէութիւնը: Ելնելով ստեղծուած իրավիճակից մի շարք նոր շեշտադրումներ ենք կատարելու», ըսաւ Թորոսեան:
«Արցախի ձեռագրական արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման` Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան կարեւոր նկատեց ցուցահանդէսին բացումը Երեւանի մէջ՝ շնորհակալագիրներ յանձնելով մատենադարանի Գանձասարի մասնաճիւղին մէջ պահուող ձեռագրամատեաններու եւ գոյքի տարհանման գործին աջակցութիւն ցուցաբերած կամաւորներուն: