ԿԼԵՆՏԷՅԼ․– Լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու աշխատակից, գրող եւ ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի «Տարին, Որ Անցաւ» հատորը։
Հեղինակին իններորդ գիրքը հանդիսացող այս հրատարակութեան մէջ հաւաքուած են անցեալ տարուան ընթացքին «Քորոնա» համաճարակին, Արցախի պատերազմին, հեղինակին եւ անոր թոռնիկներուն միջեւ հարազատ զրոյցներուն եւ ազգային ու համամարդկային զանազան իրադարձութիւններու մասին Պետիկեանի յօդուածները։