ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․– Կազմակերպութեամբ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութեան (NAASR), Երկուշաբթի, 15 Մարտին, կ․ա․ ժամը 11էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը նոր տեսանկիւններէ․ 100 տարի ետք» նիւթով առցանց քննարկումը։ Յատկանշական է, որ ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ 15 Մարտ 1921ին իրագործուած արարքին ճիշդ հարիւրամեակի օրը։
Քննարկումին պիտի մասնակցին այս մասին հատոր մը հեղինակած դերասան եւ հեղինակ Էրիք Պօղոսեան, բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան եւ պատմաբաններ Սթեֆան Իհրիկ ու Ֆիլիփ Սենտզ։
Քննարկումին հետեւելու համար այցելել www.youtube.com/c/ArmenianStudies կայքէջը։