COVID-19 համաճարակին պատճառով, առցանց կազմակերպուած Haytadology II հայկական ժամանակակից հարցերու խտացեալ դասընթացքի չորորդ եւ վերջին օրը, որ տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2021ին, բաւական գործնական (practical) ու փոխգործակցական (interactive) էր: Դասընթացքին վերջին օրը յատկանշուեցաւ Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն վերաբերող ներկայ եւ ապագայի ծրագիրներու քննական վերլուծում-արժեւորումով ու ապագայի ծրագիրներու մշակումով:
Դասընթացքի այդ օրը հիմնականին մէջ բաժնուած էր երկու մասերու: Առաջին հանգրուանին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տ. Գէորգեան, որ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ՀՅԴ Երիտասրդական գրասենեակի հայեցակարգը եւ Արցախի մէջ կեանքի կոչած ուսուցողական, վարժողական եւ վերականգնողական ծրագիրներն ու ընթացող աշխատանքները: Ան յորդորեց երիտասարդները՝ նախաձեռնող ըլլալ, դասընթացքի միջոցին իրենց սորվածը իրենց շրջապատաին հետ կիսել եւ ի նպաստ հայութեան եւ Հայաստանի հետեւողական աշխատանքի լծուել: Ապա առցանց կլոր սեղանի մը շուրջ, Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Գանատայի եւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակներու (Հայաստան) տնօրէն կամ նախագահները ելոյթներ ունեցան դասընթացքին մասնակցողները իրազեկելու համար իրենց գրասենեակներուն տարած աշխատանքներուն մասին:
Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Անահիտ Յակոբեան:
Առաջին հերթին Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ներկայացուց գրասենեակին կեանքի կոչած քարոզչական, քաղաքական եւ երիտասարդութիւնը թիրախ դարձնող վարժողական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Արցախեան պատերազմի օրերուն Եւրոպական խոհրդարանի եւ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մօտ գրասենեակին տարած ու մինչեւ օրս շարունակուող աշխատանքները՝ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու, ռազմագերիներու հարցը բարձրաձայնելու, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը շարունակելու եւրոպական զանազան պատուիրակութիւններու (քաղաքկան, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական) Արցախ այցելութիւնը կազմակերպելու ծրագիրները, որոնք հայանպաստ որոշումներ որդեգրելու կը նպաստեն:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր խօսքը սկսաւ՝ հաստատելով, թէ հայ ժողովուրդին եւ հայաստանի շահերուն ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը Հայ Դատի աշխարհատարած յանձնախումբերուն առաքելութիւնն է: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայ աշխատանքները, որոնք կը կեդրոնան Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման եւ օժանդակութեան նպաստելուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման շուրջ: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի որ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը զարգանայ մեր տարածաշրջանին մէջ եւ Արցախի միջազգային ճանաչման ու անվտանգութեան նպաստէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դերկատարութիւնը հակակշիռի տակ առնէ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւնները բաւական խրթին հանգրուան մը կ՛ապրին, նկատի ունենալով տարածաշրջանային վերջին զարգացումերը եւ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ դերակատարութիւնը:
Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրաենեակի տնօրէն Վերա Եագուպեան իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական եւ կրօնական նրբութիւնները ու վերջին տարիներու դէպքերը եւ անոնց՝ իբրեւ արդիւնք շրջանի փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ հայութեան դիմագրաւուած մարտահրաւէրները: Ան բացատրեց, թէ երբ արաբ-թրքական յարաբերութիւնները ջերմ են, Հայ դատի Աշխատանքները բաւական կը դժուարանան եւ խոչընդոտները կը շատնան, իսկ երբ յարաբերութիւնները վատանան՝ աւելի դիւրին կը դառնան այդ աշխատանքները: Արցախի հիմանհարցին գծով, Եագուպեան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէս գրասենեակը աշխատանք կը տանի արաբ հասարակութիւններուն բացատրելու, որ Արցախեան հիմնահարցը կրօնական հակամարտութիւն չէ, այլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին կը վերաբերի: Գալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, նկատի ունենալով, որ Ցեղասպանութեան մէկ հանգրուանը արաբական աշխարհին մէջ գործադրուած է, արաբական պետութիւնները ընդհանրապէս չեն դրժեր կամ ուրանար անոր իրողութիւնը, սակայն մինչ օրս, քաղաքական շահերու բերումով, բացի Սուրիայէն ու Լիբանանէն արաբական այլ երկիր մը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց գրասենեակին քարոզչական աշխատանքները, որոնք արաբ զանգուածները հայկական հարցերու գծով իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել կը նպատակադրեն եւ հաստատեց, թէ գրասենեակը շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի արաբկան կարեւոր զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ ու անոնց ճամբով մեր ձայնը լսելի կը դարձնէ հասարակական լայն զանգուածներու: Ան նշեց նաեւ, թէ պատերազմի օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով գրասենեակը շրջանին մէջ գործող քրտական լրատուական միջոցներու հետ ալ գործեց եւ համապատասխան լուսաբանութիւններ ներկայացուց:
Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեկաէն (Հայաստան) Գէորգ Ղեկուսեան համապարփակօրէն ներկայացուց Հայ Դատի Կեդրոանկան գրասենակի ընթացիկ աշխատանքները եւ աշխարհատարած Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը համակարգելու եղանակը: Ղուկասեան տեղեկացուց, որ մասնակցողները գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներուն մէջ կը մտնեն աշխարհատարած Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան հայերէնի թարգմանութիւնը, զանոնք աւելի քան 120 զանգուածային լրատումիջոցներու հետ կիսելը եւ ամփոփագիրներու հրապարակումը:
Կեդրոնական գրասենեակը նաեւ ունի նոր կայք մը, որ հանրութեան կը ներկայանայ նոր հնարաւորւթեամբ: Բովանդակային իմաստով, շուտով կը հրապարակուի Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Ուղեցոյցը, որ պիտի ընդգրկէ շահերու պաշտպանութեան տեսական ուղղութիւններ եւ քաղաքական առաջադրանքներ: Ան ընդգծեծ նաեւ կարեւորութիւնը աշխոյժացնելու Pro-Artsakh Forum-ը եւ Pro-Artsakh Network-ը, որոնք կեանքի կոչուեցան Հոկտերմբեր 2019ին, Ստեփանակերտի մէջ, իր մէջ ներառելով Արցախի ի նպաստ աշխատանք տանող միջազգային քաղաղաքագէտներ, գիտնականներ, խորհրդարանականներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ եւ լրագրողներ:
Սեւակ Պելեան՝ իբրեւ Գանատաի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն, իր զեկոյցին սկիզբը բացատրեց, թէ Գանատան միջազգային ասպարէզի վրայ իբրեւ միջին ուժ կը ներկայանայ եւ հայկական հարցերու գծով իր ազդեցութեան մակարդակը սկսած է բարձրանալ՝ շնորհիւ Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքներուն: Ան հաստատեց, թէ հետեւողական աշխատտանքի շնորհիւ, Գանատան պատերազմի օրերուն անմիջակապէս ըսելիք ունեցաւ: Ան Պայրաքտար անօդաչու սարքերու ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը Գանտայէն Թուրքիոյ տրամադրումը կասեցնելը կարեւոր ձեռքբերում նկատեց, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գանատական արտադրութեան զէնք ու զինամթերք մատակարարելը կասեցնելը հիմնական աշխատանք: Պելեան նշեց, թէ պատերազմի օրերուն, ատրպէյճանցիները աշխոյժ չէին, սակայն պատերազմէն ետք կազմակերպութիւն մը հիմնեցին եւ սկսան մօտէն հետեւիլ հայութեան գործունէութեան: Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ գրասենեակը ջերմ յարաբերութիւններ ունի եւ բաղդատած անցեալին հետ՝ Գանատա աւելի հայանպաստ կեցուածքներ սկսած է որդեգրել: Ան նշեց նաեւ, թէ գրասենեակը խորհրդարանական մակարդակի վրայ դարձեալ բաւական լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ պատերազմի օրերուն յաջողած է խորհրդարանին մէջ գործող հինգ կուսակցութիւններէն հայանպաստ կեցուած ստանալ, ներառեալ՝ Գանատա-Ատրպէյճան խորհրդարանկան խմբակցութեան նախագահին՝ Արցախի ինքորոշման իրաւունքը հաստատող յայտարարութիւնը: Քարոզչական հսկայական աշխատանք կը տարուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու դէպի Արցախ: Գրասենեակը նաեւ մնայուն կապի մէջ է ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի մօտ Գանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ:
Զեկոյցներու աւարտին մասնակցողները կարեւոր հարցադրումներով շահեկան զրոյց ունեցան գրասենեակներուն տնօրէններուն հետ: Յատկանշական էր քննարկել պատերազմի օրերուն յաճախ կեանքի կոչուած առցանց խնդրագիրներու (Online Pettition) երեւոյթը, եւ հաստատուեցաւ, թէ այդ խնդրագիրները եթէ յստակ թիրախ չունենան եւ կազմակերպուած չըլլան ո՛չ միայն ապարդիւն են, այլ նաեւ կրնան վնասակար ըլլալ: Առ այդ, շատ կարեւոր է այս մարզին մէջ մասնացիտական եւ համակարգուած մօտեցում ցուցաբերել եւ ճիշդ ձեւով օգտագործել առցանց այս միջոցները:
Օրուան երկրորդ կիսուն, դասընթացքին մասնակցողները նախորդ օրը իրենց կատարած աշխատանոցներու արդիւնքները ներկայացուցին եւ քննարկեցին: Եօթը աշխատանոցներու ճամբով տղաքը կրցած էին քննական մօտեցումով արժեւորել վերջին պատերազմի օրերուն Եւրոպայի հայութեան տարած աշխատանքները, ձեռքբերումները, ձախողութիւնները, դժուարութիւները եւ քաղուած դասերը: Անոնք ցաւալի բայց իրապաշտ հաստատումներ ըրած էին պատերազմի օրերուն կազմակերպական, ներհամյայնքային, զօրաշարժի ենթարկելու, համաճառակի սահմանափակումներու, քարոզչական-ցուցական աշխատանք տանելու, ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու, դրամահաւաքի ու մարդասիրական օժանակութիւններ ապահովելու եւ այլ հառցերու մասին: Այս քննարկումներուն հիման վրայ, խումբերը ներկայացուցին առաջարկներ, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին տեղեկութիւններու միասնական շտեմարան ստեղծելու (database), Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ հորիզոնական կապ եւ տեղեկութիւններու արագ փոխանակման առցանց հարթակ ստեղծելու, յառաջիկայի քարոզարշաւները համակարգելու, տեղւոյն քաղաքական կեանքին առաւել շատ մասնակից դառնալու, Եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող այլ փոքրամասնութիւններու հետ համգործակցելու, թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն գործունէութիւնը լրջօրէն հետապնդելու եւ անոնց ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու, եւրոպական հասարակութեան մօտ հայկական հարցերու գծով մայուն քարոզչական աշխատանք տանելու, տեղական կառավարական եւ ոչ-կառվարական կազմակերպութիւններու ճամբով հայանպաստ որոշումներու հասնելու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքի անսակարկելիութիւնը հանրայնացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչման նպաստելու, ինչպէս մաեւ Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու:
Դասընթացքին պաշտօնական փակումը կատարելու համար ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տ. Խաչատուրեան, որ շնորհաւորեց ներկաները իրենց մասնակցութեան համար, անդրադարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներու հիմնական չորս ուղղութիւններուն (Հայաստնի հզօրացում, Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորում եւ անկախութեան ճանաչում, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ու հետեւանքներու վերացում, Սփիւռքի կազմակերպում եւ Սփիւռք-հայաստան կապերու ամրագրում): Ան մաղթեց, որ դասընթացքին մասնակցող երիտասարդները աներեր ու վճռականօրէն շարունակեն իրենց աշխատանքը Եւրոպայի մէջ, նորարար ըլլան, չյուսահատին եւ հաւատան, որ միասնական ջանքերով հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ այս օրերու ծանր ճգնաժամէն դուրս գալ ու վերականգնիլ:
Եւրոպայի 13 Երկիրներէ հաւաքուած առաւել քան 80 երիտասարդներ չորս օրերու վրայ առիթը ունեցան գիտական մօտեցումով 18 մասնագէտ դասախօս-զեկուցաբերներէ մեր օերու հիմնական գերխնդիրներուն մասին իմանալու, համապատասխան գիտելիքներ, տեղեկութիւններ եւ վերլուծութիւներ ձեռք ձգելու, անոնց հետ քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակումներ ունենալու: Դասախօս-զեկուցաբերներու կողքին, մասնակցողները 10 փորձառու զրուցավարներու հետ արժեւորեցին մինչ օրս տարուող աշխատանքները եւ այդ արժեւորման հիման վրայ նոր ծրագիրներ առաջարկեցին, որոնք համադրաբար Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին ու մնացեալ յանձնախումբերուն հետ, շուտով կարելի է կեանքի կոչել:
Haytadology II խտացեալ առցանց դասընթացքը աւարտեցաւ ապագային յաճախ կրկնելու նպատակադրութեամբ ու յուսադրող դրական մթնոլորտի մէջ:
ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ