ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանական բանակի զինուորները ռազմափորձեր պիտի կատարեն Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան:
«Մենք Ատրպէյճանի հետ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակենք «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով: Օդակայանին մէջ դիմաւորեցինք ատրպէյճանական բանակի զինուորները, որոնք Իսփարթա հասած են ռազմափորձերու համար, որոնք պիտի տեւեն վեց շաբաթ», կը նշուի 5 Մարտին հրապարակուած տեղեկատուութեան մէջ: