ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Վերաքննիչ քրէական դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Արշակ Վարդանեանի, բեկանեց առաջին ատեանի դատարանի` Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանի բանտարկութեան որոշումը: Սաղաթէլեան ազատ արձակուեցաւ:
Դատարանին դիմաց ան զինք ողջունելու եկածներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն պայքարեցան արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար։
Ըստ Սաղաթէլեանի փաստաբան Միհրան Պօղոսեանի`Վերաքննիչ դատարանը արձանագրեց, որ Արա Սաղաթէլեանին դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն մէջ հիմնաւոր կասկած չկայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան անօրինական հիմքերով մնացած է անազատութեան մէջ:
Նշենք, որ 21 Փետրուարին բանտարկուած Արա Սաղաթէլեան կը մեղադրուէր քրէական օրէնսգիրքի երեք յօդուածներով` կազմակերպուած խումբի կողմէ ազգային, ցեղային կամ կրօնական թշնամանք յարուցելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերու, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ քարոզելու, ինչպէս նաեւ ռազմական դրութեան իրաւական կարգավիճակի ընթացքին տեղեկութիւններու հրապարակման կամ տարածման կանոնները խախտելու համար: Սաղաթէլեան չ՛ընդունիր իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքները: