Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Մաղաքեան Հրայր, «1915ի Հայ-թրքական Հակամարտութիւնը Ըստ 21րդ Դարու Ֆրանսալեզու Եւ Ռուսալեզու (էլեկտրոնային) Լրատուամիջոցներուն – Ընտրուած Հիմնախնդիրներ», «Շլոնսք» համալսարանի հրատարակչութիւն, Քաթովիցէ (Լեհաստան), 2020, 508 միջակ չափի էջ, լեհերէն:
– Մեծարենց (Մեծատուրեան) Միսաք, «Քնարական Բանաստեղծութիւններու Ամբողջական Ժողովածու», կազմող, խմբագիր եւ վերլուծող՝ Ճէյմզ Ռասըլ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչութեան Հայկական մատենաշար թիւ 12, Ֆրեզնօ, 2021 (180է աւելի բանաստեղծութիւններու հայերէն բնագիրները, անոնց թարգմանութիւնը եւ վերլուծումը, անգլերէն։
– Խորենացի Մովսէս, «Հայոց Պատմութիւն», ռուսերէնէ թարգմանեց Վոյիսլաւ Կութեսա, յառաջաբանը եւ մասնագիտական խմբագրումը՝ Բաբգէն Սիմոնեանի, պատմական ակնարկը՝ Աէլիթա Տոլուխանեանի, խորհրդականներ՝ Գեղամ Պատալեան եւ Փրետրակ Միյանովիչ, «Փեշիչ Ի Սինովի» հրատարակչութիւն, Պելկրատ, 2020, 359 էջ (ծանօթագրութիւններ, Հայաստանի քարտէսը ըստ «Աշխարհացոյց»ի, ծանօթագրութիւններ, պատմական լուսանկարներ), սերպերէն:
– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին», «Սիփան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2020, 472 էջ:
– Յակոբեան Հրանոյշ, «Յիշում Ենք Եւ Պահանջում», Երեւան, 2021, 840 էջ (Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետականօրէն նշումին վերաբերող զանազան նիւթեր՝ նախապատմութիւն, միջոցառումներ, ելոյթներ, փաստաթուղթեր եւ այլն, ու այս բոլորին հետ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը): Հատորը հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:
– Նշանեան Միքայէլ, «Բնաջնջել Հայերը – Ցեղասպանութեան Պատմութիւն», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Փիոթր Ռաք, «Մարաք Տերեվիէցքի» հրատարակչութիւն, Պոզնան (Լեհաստան), 2020, 233 միջակ չափի էջ, լեհերէն: Տպագրուած է Լեհաստանի մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան Մշակոյթի խթանման հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:
– Քէօշկերեան Գէորգ Լ. , «Հայկական Ասացուածքներ Թրքերէնէ Թարգմանուած – Armenian Sayings translated from Turkish into English», Լոս Անճելըս, Յունուար 2021, 126 էջ (թրքերէնէ հայերէնի թարգմանուած 403 եւ թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանուած 186 հայկական ասացուածքներ՝ կիլիկիահայերէ քաղուած):
– Քորուճու Սերտար, «Սանճաքը Ինկաւ – «Հայկական Հարցը» Աղեքսանտրէթի Սանճաքէն Մինչեւ Հաթայ», խմբագիրներ՝ Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու եւ Օնուր Քոչեիղիթ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Յունուար 2021, 224 էջ, 15 x 21 սմ. (Աղեքսանտրէթի Սանճաքի՝ ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ նուիրումին պատմութիւնը՝ Հայկական Հարցի ծիրին մէջ դիտարկուած), թրքերէն:
– Քորուճու Սերտար, «Բնակչութեան Մեկնումը – Մուսա Լեռ 1939», խմբագիրներ՝ Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու եւ Օնուր Քոչեիղիթ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Յունուար 2021, 224 էջ, 13 x 19,5 սմ. (1939ի ամռան Մուսա լեռան գիւղերու – բացի Վագըֆէն – հայութեան Սուրիա եւ Լիբանան գաղթին պատմութիւնը), թրքերէն։