ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 4 Մարտի առաւօտեան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան անդամ եւ եկեղեցւոյ Ազգային երեսփոխան, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, Ազգային երեսփոխաններ Պիլ Սաաթճեան եւ Սրբուհի Մսըրլեան ու հոգաբարձութեան ատենապետ Տէյվիտ Սարապեան եւ անդամներ:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ հիւրերը փոխանցեն իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները սրբազան հօր եւ շնորհաւորեն անոր ընտրութիւնը Արեւմտեան թեմի առաջնորդական պաշտօնին: Հանդիպման ընթացքին արտասանուած սրտի խօսքերու ընդմէջէն այցելուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին սրբազան հօր ծրագիրներուն եւ այս առիթով տասը հազար տոլար դրին անոր տրամադրութեան տակ, Արեւմտեան թեմին մէջ հայ հոգեւորականի պատրաստութեան նշանակալից նպատակին յատկացնելու խնդրանքով:
Ներկայացնելէ ետք հայ համայնքէն ներս եկեղեցւոյ ճամբով կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքները, այցելուները խնդրամատոյց եղան սրբազան հօր, որպէսզի ամէնէն մօտիկ ապագային իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը շնորհէ Ֆրեզնոյի հայութեան:
Փոխադարձաբար, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բարձրօրէն գնահատեց անոնց երկարամեայ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայութեան կեանքին մէջ, ապա հրաւիրեց զիրենք վերանորոգ հաւատքով շարունակելու իրենց ծառայութիւնը մատուցել Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն:
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը Ֆրեզնոյէն ժամանած այցելուներուն նուիրեց յուշանուէրներ եւ բարի տունդարձ մաղթեց անոնց: