
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ սկսած էր 1975ին, պատճառ դարձած էր յուսալքութեան, յուսախաբութեան, յոռետեսութեան եւ ընկճուածութեան ամէն մակարդակի վրայ: Պարապութիւն մը կը տիրէր լիբանահայութեան մշակութային եւ երաժշտական կեանքէն ներս: Նաեւ հրապարակը սկսած էր ողողուիլ անորակ երգիչներու վատ, ոչ հայկական երգերով եւ երաժշտութեամբ. յոռի բարքերը կը ծաւալէին եւ կը գրաւէին հայ մարդու միտքն ու հոգին: Հիւանդագին վիճակ մը կը տիրէր ամէն կողմ: Փոխուելու էր կացութիւնը, բան մը պէտք է կատարուէր դուրս գալու համար այս ժխորէն:
Անդրադառնալով այս իրականութեան, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, որուն անդամներն էին Գառնիկ Բանեան (ատենապետ), Գրիգոր Շահինեան, Խորէն Մղտեսեան, Սարգիս Սարգիսեան, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Ալիս Գազանճեան, Արփի Չպուքճեան եւ Գեղանի Էթիէմզեան, որոշեց փորձ մը ընել դարմանելու համար այս հիւանդագին երեւոյթը: Ուստի Շրջանային վարչութիւնը յառաջացուց Համազգայինի երաժշտական թեքնիք յանձնախումբը, բաղկացած մեծ մասով երաժշտագէտներէ: Այդ յանձնախումբի անդամներէն կը յիշեմ՝ Ռէյմոնտ Ճելալեանը, Արփի Եագուպեան-Ալահայտոյեանը, Էլօ Հարպոյեանը, Պայծառ Գարագաշեանը, Էթիէն Քիւփելեանը, Ալէքսան Մնակեանը, Պետրոս Ալահայտոյեանը, Վաչէ Պարսումեանը եւ բժիշկներ Յարութիւն ՃլՃլեանն ու Կարպիս Հարպոյեանը:

Յանձնախումբին առաջնահերթութիւնը եղաւ մանկական մնայուն երգչախումբի մը կազմութիւնը: Յանձնախումբը որոշեց զայն անուանել «Ծնծղայ»: Բայց ինչո՞ւ «Ծնծղայ» անուանումը: Նախ, վերյիշելու համար դարերէ ի վեր մեր եկեղեցիներուն մէջ գործածուող այդ գործիքը՝ որպէս ուրախութեան եւ ցնծութեան միջոց, ապա նաեւ մանաւանդ մեր մանուկներուն երջանկութիւն պարգեւելու համար: Ուրեմն երգչախումբը կազմուեցաւ 1977ի Հոկտեմբերի վերջաւորութեան: Կրնամ ըսել որ «Ծնծղան» ծնունդն էր կարգ մը հաւատաւոր խենթերու նախաձեռնութեան: «Ծնծղան» ծնաւ հակառակ շատերու մտքերուն մէջ արմատացած «չենք կրնար» սնահաւատութեան:
Գտնուեցաւ ատակ խմբավարը՝ Վաչէ Պարսումեանը: Ան փիլիսոփայութեան ճիւղի երիտասարդ ուսանող էր եւ պետական երաժշտանոցի երգի լաւագոյն աշակերտներէն մէկը: Ան շատ կը սիրէր եւ հետաքրքրուած էր երգչախմբային ղեկավարութեամբ: Ան արդէն մի քանի տարիներէ ի վեր կը կատարէր այս գործունէութիւնը մանաւանդ Հայկազեան քոլեճէն ներս:
Թեքնիք յանձնախումբը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն, որ իրենց զաւակները մաս արձանագրեն «Ծնծղայ» երգչախումբին, ուր պիտի սորվէին մաքուր հայ երաժշտութիւն եւ հայ երգ, ինչպէս նաեւ երգելու ճշգրիտ թեքնիք: Շուտով 7-13 տարեկան յիսունի մօտ մանուկներով երգչախումբը սկսաւ իր փորձերուն, ղեկավարութեամբ՝ Վաչէ Պարսումեանի: Մանուկները կը մագնիսանային անոր ժպիտէն, խրախուսիչ ակնարկներէն, մանուկներուն մատչելի անոր արտայայտութիւններէն: Ան խստապահանջ էր, բայց միշտ կատակող եւ մանուկներուն հետ մանկացող խմբավարը: Շաբաթական երկու փորձերով Վաչէ Պարսումեան կարողացաւ լիբանահայութեան հրամցնել բազմալեզու՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն, երգերով բարձրորակ համերգ մը: Դիւրին չէր իրականացնել այս աշխատանքը՝ բազմալեզու յայտագիր, քառաձայն երգեցողութեամբ եւ սենեկային նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ: Այդ իրականացաւ շնորհիւ խմբավարի երաժշտական հասկացողութեան, անսահման համբերութեան ու մանաւանդ երեխաներուն հանդէպ անոր ունեցած սիրով եւ գուրգուրանքով, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին անսակարկ զոհողութեան եւ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութեան:
Երգերուն դաշնաւորումը կատարած էր Ալեքսան Մնակեան․ ան նաեւ մաս կը կազմէր նուագախումբին, որ բաղկացած էր 16 երաժիշտներէ, որոնք պետական երաժշտանոցի ուսուցիչներ եւ կամ վերին դասարաններու աշակերտներ էին:

Երգչախումբի անդամներն էին հետեւեալ փոքրիկները՝ Ակուլեան Էմմա եւ Մանուէլ, Արթինեան Վաչէ, Արզումանեան Սեւակ, Բարիքեան Կարօ (հոգելոյս Մեղրիկ սրբազան), Բանեան Յասմիկ եւ Շողիկ, Գերպապեան Վարանդ, Գրաճեան Սերուժ, Գալֆայեան Մարիա եւ Թալին, Գարագաշեան Ռուբիկ, Գալայճեան Մարիժան, Գրիգորեան Սեդա, Գաբրիէլեան Ռազմիկ եւ Մարիա, Գայթանճեան Ալին, Զաքարեան Մարալ, Թորիկեան Անի, Շաղիկ եւ Սիլվա, Թաշճեան Եւա, Ինճէեան Րաֆֆի, Իստիլեան Զեփիւռ, Խառնէլեան Շաղիկ, Խայաթ Նելլի, Կայծակեան Թալին, Կարապետեան Ռիթա, Հարպոյեան Դալար, Մնակեան Սօսէ եւ Աւօ, Յովսէփեան Սոնա, Պօղոսեան Նորա, Պարսամեան Միսաք, Պապիկեան Երուանդ, Պոշնագեան Շանթ, Սարմազեան Սեւակ, Տէմիրճեան Կարօ, Տէր Սարգիսեան Նելլի, Փափազեան Լալիկ եւ Հրաչ, Քէշիշեան Վիգի, Քէնտիրճեան Արաքսի եւ Սարգիս, Օհանեան Սոնիկ:
Երգչախումբը պատրաստ էր հանդէս գալու: Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 14, 15 եւ 22 Յունուար 1978ին, Համազգայինի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ Էլօ Պտղունի Հարպոյեանի (սոփրանօ) եւ Արփի Եագուպեան-Ալահայտոյեանի (դաշնակ):
Երգացանկը կազմուած էր հետեւեալ երգերով, առաջին մաս՝ «Լիբանան», «Թմբուկ», «Փրկարար», «Քաջ մուկը», «Առաջին ձիւնը», «Մանուկն ու ջուրը», «Մեղու», «Ծընկըլը-մընկըլ», «Հայրենի կարօտ», «Գարուն», «Ձմրան երգ», Psalm, Rex Admirabilis, Alleluia, La Chanson du veni, Consider yourself at home, «Ձօն խաղաղութեան» (Զ. Նասիֆ, առաջին ունկնդրութիւն, ձօնուած՝ «Ծնծղայ»ին), «Տիկնիկի օրօրը» (մեներգ՝ Դալար Հարպոյեան), «Լուսինն ելաւ», «Աշուն» (Ա. Մնակեան, առաջին ունկնդրութիւն), «Զարթիր որդեակ», «Ոստան հայրենի», «Արփա-Սեւան», «Հինգ էծ ունեմ», «Թամարի արիա»ն (վերջին չորսը՝ տիկին Էլիզապէթ Հարպոյեանի ընկերակցութեամբ):
Թատերասրահը երեք ելոյթներուն լեցուած էր երաժշտասէր հայ ունկնդիրներով: Ուրախ էին ունկնդիրները, խմբավարը, թեքնիք յանձնախումբը ու մանաւանդ «Ծնծղայ»ի փոքրիկները:
Այս երեք ելոյթները մեծ գնահատանքի արժանացան հայ եւ օտար մամուլին եւ երաժշտասէր շրջանակներուն կողմէ:
Լիբանահայութեան փափաքին ընդառաջելով «Ծնծղան» ունեցաւ երեք յաջորդական այլ ելոյթներ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի սրահին («էսեմպլի հոլ»ին) մէջ: Վեց ելոյթներու ընթացքին երեք հազար հայորդիներ վայելեցին «Ծնծղայ»ի երգահանդէսը:

«Ծնծղայ» երգչախումբը նոյն կազմով մասնակցեցաւ Համազգայինի յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն․ Առաջինը՝ 27 Յունիս 1978ին, «Գազինօ տիւ Լիպան»ի մէջ եւ երկրորդը՝ 9 Յուլիս 1978ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի սրահին մէջ, միշտ ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի, մասնակցութեամբ Էլօ Պտղունի Հարպոյեանի (մեներգ-սոփրանօ) եւ ընկերակցութեամբ 26 անդամներէ բաղկացած նուգախումբի մը: Այս պարագային երգերուն դաշնաւորումը կատարած էր երաժիշտ Պօղոս Ճելալեան:
Զոյգ ելոյթներու որմազդը պատրաստած էր երաժիշտ Էթիէն Քիւփելեանը: Որմազդին գծագրութիւնը կը ներկայացնէր «Ծնծղայի»ին կրտսերագոյն երկու անդամները՝ Սերուժ Գրաճեանը եւ Դալար Հարպոյեանը:
Ահա թէ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ի՛նչ գրած էին հայ մամուլի թղթակիցները «Ծնծղայ»ի երգահանդէսներու մասին.
1. Սարգիս Մահսէրէճեան՝ «Արուեստի մանրանկար մը՝ «Ծնծղան»: Ամիսներու տքնաջան ու բծախնդիր աշխատանքի արգասիքը եղող սա ելոյթը արուեստի ամենախիստ քննադատին անգամ կրնայ պարտադրել՝ ձեռքը գլխարկին տանելու: Անարուեստ երաժշտական քաոսէ մը ետք, ահաւասիկ նոր փաստ մը, թէ բծախնդիրը ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ կանգ կ՛առնէ, եւ այդ փաստը տուողները բուռ մը մանուկներ են, «Ծնծղան» է»:
2. Շահանդուխտ՝ «Այս մանուկները կրնային պոռալ, որքան որ ուզէին, որովհետեւ մանուկ տարիքի գլխաւոր առողջութիւնը կոկորդային պայթուցիկ զէնքն է: Երիտասարդ խմբավարը ունէր այս զէնք-կոկորդները պոռչտուքի չվերածելու գաղտնիքը: Յուզիչ էր լսել մանկական մշակուած կոկորդներու քառաձայն ճռուողիւնը: Ունկնդիրները գորովալից ժպիտով դուրս ելան սրահէն»:

3. Զարեհ վրդ. Արզումանեան՝ ««Ծնծղան» բեմ ելաւ պատրաստուած, բաւական համարձակ, եւ կրցաւ ինքզինք պարտադրել: Բեմ եկաւ տիրական, բարձր մակարդակով: Ամբողջ ելոյթի ընթացքին այս երգչախումբը զգացուց՝ թէ մեծերը ուրախացնելու կամ զուարճացնելու դերը չէր իր ստանձնածը, միայն ծնողներուն եւ բարեկամներուն համար հաճելի պահ մը ստեղծել չէր նպատակը, այլ՝ թէ լրջօրէն կը միտէր արուեստ հրամցնել, արուեստ փնտռողներուն, մանկական ձայներու անմեղութեամբ եւ թաքուն կարողութիւններու յայտնաբերումով: Այս իմաստով անոնք ասպարէզ կարդացին մեծերուն, եւ ըստ երեւոյթին դեռ կը շարունակեն ասպարէզ կարդալ, նորանոր բազմութիւններ իրենց հմայքին գրաւելով եւ նուաճելով: Ալեքսան Մնակեան երգերուն պատշաճեցումը կատարած էր մեծ ճաշակով, բծախնդրութեամբ, նուագախմբային նրբերանգներու զգացողութեամբ: Փոքրիկն Դալար Հարպոյեան բացառիկ ծանօթութիւն մը եղաւ ունկնդիրներուն: Հակառակ իր տարիքին (6), Դալար յայտնաբերեց ինքնավստահութիւն, բեմին տիրապետելու կարողութիւն, երգելու շնորհք եւ հասկացողութիւն: Տիկին Էլօ Պտղունի Հարպոյեան կատարեց մեներգները: Գեղեցիկ ձայն, ճկուն կոկորդ, երգի հասկացողութիւն եւ մեկնաբանութեան կերպ կը վկայէին արուեստագէտին մասին: Այդ օր Ծնծղաները հնչեցին»:
4. էվա Տէրվիշեան՝ «Ծնծղան կրցաւ իրեն կապել հանրութիւնը, թրթռացնել սիրտերը եւ մանաւանդ՝ ստեղծել ու պարտադրել ի՛ր մթնոլորտը»:

Լիբանանեան օտար մամուլի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան վայելելու «Ծնծղայ»ի համերգները եւ հիացմունքով եւ գնահատական խօսքերով անդրադարձան անոր կատարումին: Ֆրանսատառ «Ռէվէյ» օրաթերթի մշակութային բաժնի թղթակիցը՝ Քրիսթիան Քեքաթին գրած էր. «Ինչպէ՞ս, միայն երեք ամսուան ընթացքին, այս մանուկները կրցած են հասնիլ երաժշտական այսքան բարձր մակարդակի մը: Ասիկա գաղտնիքն է իրենց խմբավարին՝ Լիբանանի Ազգ. երաժշտանոցի աշակերտ Վաչէ Պարսումեանին: «էսեմպլի հոլ»ը կը յորդէր եւ կը թնդար հիացողներու բազմութեամբ, որոնք կը զարմանային ի տես այս իրականացումին, մանուկներու եւ անոնց ղեկավարին կողմէ: Իրական նուաճում մըն է արդարեւ, պատրաստել նման համերգ մը, այսքան խնամուած յայտագրով եւ ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ»:
Համազգայինն ու իր թեքնիք յանձնախումբը յաջողած էին իրենց առաքելութեան մէջ:

Դժբախտաբար «Ծնծղայ» երգչախումբի գործունէութիւնը տեւեց միայն երկու տարի: Խմբավարին ՝ Վաչէ Պարսումեանի Ամերիկա մեկնումով «Ծնծղայ»ն կազմալուծուեցաւ: Սակայն Ալեքսան Մնակեան, թեքնիք յանձնախումբի թելադրանքով, շուտով հաւաքեց «Ծնծղայ»ի փոքրիկները եւ կազմակերպեց «Արտուտիկ» երգչախումբը, որ մի քանի ամիսներու ընթացքին եւ հետեւողական փորձերէ ետք կարողացաւ պատրաստել կոկիկ երգացանկ մը եւ կատարել «Արտուտիկ» ձայնապնակի բարձրորակ արձանագրութիւնը Պէյրութի «Սթիւտիօ Պաալպէք»ի մէջ 1980ին: Անկէ ետք «Արտուտիկ» երգչախումբի գործունէութիւնն ալ դադրեցաւ կամքէ անկախ պատճառներով:
Նոյն տարին Ալեքսան Մնակեան Համազգայինի Անթիլիասի «Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան խնդրանքով կազմակերպեց «Նանոր» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ վեց ամիսներ ետք սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ լիբանահայութեան հրամցուց յաջող երգահանդէս մը եւ պատրաստեց «Նանոր» ձայնապնակը: