Զրուցեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3րդ դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն շնորհիւ, ու ղեկավարութեամբ բազմավաստակ դաստիարակ-ուսուցչուհի Հուրի Խեչումեանի՝ առաւել քան 40,000 տոլար հանգանակուած է մինչեւ օրս՝ Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար: Կապող օղակը նուիրեալ այլ տիկին մըն է՝ նոյն վարժարանի նախկին ծնողք Մելինէ Էլեան: Անոր բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցով, անցնող չորս-հինգ ամիսներուն ընթացքին գործակցութեան հոյակապ օրինակով մը հրաշք կը գործեն 9-10 տարեկան տղաքը եւ աղջիկները:
Զրուցակիցներս խանդավառութեամբ կը ներկայացնեն այստեղ՝ Լոս Անճելըսի, եւ հոն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կատարուող աշխատանքները:
Ցաւին մէջ ուրախութեան, լաւատեսութեան, ապագային հանդէպ բարեկամեցողութեան նշոյլ մըն է անոնց կատարած գործը, որ նիւթական օժանդակութեան հաւասար եւ աւելի շարժո՛ւմ մըն է արթուն պահելու մեր մատղաշ սերունդը, կապելով զանոնք հող-հայրենիին հետ:
Արմատները կը կանչեն: Եւ այդ էր եղած պատճառը, որ Իրան ծնած, Եւրոպա անցած եւ Միացեալ Նահանգներ հասակ առած այս բարեհամբոյր տիկինը, որուն անունն է Մելինէ, ընտանեկան յարկի տակ ստանալով ազգային դաստիարակութիւն, տասնհինգ տարի շարունակ կ՛այցելէ Հայաստան: Շուշիի մէջ մեծապէս նպաստած է կառուցելու ազգային գրադարանի շէնքը: Ան է պատմողը. «Վերջերս, թէեւ դժուարութիւններ կային համաճարակի հետ կապուած, սակայն երբ այցելութեան հնարաւորութիւն եղաւ, մեկնեցայ Հայաստան: Երեւան կը գտնուէի արդէն ամիս մը, երբ Սեպտեմբեր 2020ին պատերազմը սկսաւ: Երկու օր ետք ծրագրած էինք մեկնիլ Արցախ…»:
Մեր երկրորդ զրուցակիցը երուսաղէմահայ Հուրի Խեչումեանն է: Փոքր հասակէն ընտանիքին հետ գաղթած է Թենըսի, ապա անցնելով Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա: Ան վարժարանիս 3րդ դասարանի դաստիարակն է նաեւ՝ նոյն դպրոցի նախկին ծնողք: Թող շարունակէ Հուրին.
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.- Արցախէն փախուստ տուած ընտանիքները հասած էին Սեւան քաղաքը: Մելինէն Դիլիջանի մէջ տարածուն տեղ մը վարձելով, այդ ընտանիքները կը պատսպարէ հոն. բոլորովին իր անձնական միջոցներով: Մեր գործակցութիւնը սկսաւ, երբ այդ փախստականներուն եւ անոնց փոքրիկներուն մասին տեսանիւթ մը դիտեցի: Աստուա՛ծ իմ, զանոնք նմանցուցի 3րդ դասարանի աշակերտներուս… եւ անցանք գործի: Մէկ կողմէ Մելինէն, միւս կողմէ 3րդ դասարանի աշակերտներս՝ իրենց ծնողներուն սիրայօժար մասնակցութեամբ, անցանք գործի: Առաջին ծրագիրը կօշիկներ նուիրելն էր: Աշակերտներուս ներկայացուցի Արցախի անցեալի պատմութիւնը եւ ներկան: Խանդավառութիւնը մեծ էր: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր տան գործերուն օգնելով պիտի աշխատէր կէս ժամ, գրէր այդ մասին եւ ծնողքէն անոր դիմաց օրական երկու տոլար պիտի ստանար: Երկու շաբաթ ետք գումարը 30 տոլարի պիտի հասնէր: 10 օր անցած էր, երբ մեր աշակերտները եւ արցախցի գաղթական մանուկները իրարու հետ կապեցինք հեռակապով (Zoom): Ծրագիրը ներկայացուցի մեր վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Աւանէսեանին, նախակրթարանի հայոց լեզուի համադրող ուսուցչուհի Մարալ Ոսկեանին եւ հայերէնի միւս ուսուցչուհիներուն: Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթն էր, 47 աշակերտները Հայաստանի դրօշակներով եւ զարդերով, իրենց ծնողներուն հետ միասին կապուեցանք Երեւան եւ Դիլիջան՝ Մելինէին եւ արցախցիներու հետ: Այդ օր, Zoom-հանդիպումին շնորհիւ 12,000 տոլար խոստում ստացանք 3րդ դասարանի ծնողներէն:
Իբրեւ յաջորդ քայլ՝ որոշեցինք, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ձեռային աշխատանք մը պատրաստէ եւ ծախու հանենք: Այդ միջոցառումը տեղի ունեցաւ մեր բնակարանին առջեւ, Հոկտեմբերին: Մեզի հետ էր Մելինէն, եկած էին մեծ թիւով ծնողներ, բարեկամներ, Fox 11 պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցը: Քանի մը ժամուան ընթացքին շուրջ 10,000 տոլար հաւաքեցինք աշակերտներուն պատրաստած ձեռային աշխատանքները վաճառելով: Եւ միայն սկիզբ մը եղաւ այդ, որովհետեւ ընկերային ցանցերու միջոցով բարի լուրը տարածուեցաւ դպրոցական շրջանակէն դուրս եւս: Գումարը հասաւ շուրջ 45,000 տոլարի: Սկսանք գումարներ ղրկել Հայաստան, ուր Մելինէ Էլեանին ներկայացուցիչները՝ Վրոյրը եւ Գայիանէն կը գնէին ու կը բաշխէին հազարէ աւելի ձմեռնային վերարկուներ, շապիկներ, ներքնազգեստներ, կօշիկներ: Եւ այս բոլորը 3րդ դասարանին շնորհիւ:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Վիճակը ծանր էր: Շատեր անձնագիր չունէին, իրենց վրայի հագուստով փախած հասած էին Հայաստան: Մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսացանք: Մինչեւ 800 գաղթականներու բաժնեցինք նաեւ սննդեղէն: Շատ շնորհակալ ենք Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3րդ դասարանին: Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ գաղթական ընտանիքները վերադարձան իրենց գիւղերը եւ քաղաքները, մենք պահեցինք կապը անոնց հետ:
Մեր ծրագիրներուն կարեւորագոյններէն է՝ արցախցիները աշխատանքով ապահովելը: Տամ քանի մը օրինակ միայն: Նուիրատուութիւններու շնորհիւ, մեր կազմակերպութիւնը հայաստանեան արտադրութեան ձմեռնային 300 վերարկուներ գնեց եւ նուիրեց արցախցիներու: Ներկայիս երեք տիկիններու բուրդէ թելեր տրամադրած ենք, որպէսզի գործեն եւ ապա վաճառեն մեզի: Պուպրիկներ պատրաստել կու տանք, որոնցմէ մէկական հատ կը յանձնենք հովանաւոր ընտանիքներուն հոս՝ Լոս Անճելըսի մէջ, եւ նման այլ ծրագիրներ:
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.-Պատերազմը դադրեցաւ, բայց չենք կրնար մեր օգնութիւնը դադրեցնել: Չենք կրնար այդ ընտանիքները լքել:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- ինչպէ՞ս կը ստուգէք, եթէ ընտանիք մը մէկ այլ կազմակերպութենէ եւս օժանդակութիւն կը ստանայ:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Վրոյր Խաչատրեան՝ մեր գործավարը, շատ արթուն է: Ան կ՛այցելէ տուները եւ կ՛արձանագրէ ինչ որ անհրաժեշտ է: Մեզի հետ երկար ժամանակ աշխատեցաւ նաեւ հոգեբան Գայիանէ Պետրոսեան:
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.- 40,000 տոլարը կը կարծէք, որ շատ մեծ գումար է, բայց այդպէս չէ:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Ըսեմ, թէ այդ 40,000ը ճիշդ ձեւով կը գործածենք: Գումարը հաշուարկուած կը ծախսենք: Մսխում չկայ: Մեր բոլոր ընտանիքները գրանցուած են մեր քով, մանրամասն տեղեկութիւն ունինք անոնց մասին: Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել արցախցի կնոջ մը խօսքը: Անոնք կ՛ապրին Դիլիջանի մէջ, գաղթական ելած էին Արցախի առաջին պատերազմի ատեն: Իսկ այս երկրորդ պատերազմին, ամուսինը կամաւոր մեկնած էր ճակատ: Երբ օգնութիւն կը բաշխէինք, հերոս հայուհին ըսաւ. «Մենք լաւ ենք, ուրիշի օգնէք»:
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.- Հաց թխելու, կարի գործարաններու, պուպրիկներու պատրաստութեան եւ նման այլ աշխատանքներու հնարաւորութիւններ ստեղծեցինք: Դեռ շաբաթ մը առաջ 3րդ դասարանը հաւաքեց հագուստեղէն եւ 12 մեծ տուփ ղրկեցինք Հայաստան եւ Արցախ: Կապուեցանք լրագրող Արաքսեա Կարապետեանի հետ. անոր Instagram live-ին միջոցով այդ երեկոյ շուրջ 20 հոգի դիմեց մեզի՝ դառնալու հովանաւոր: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուղղակի հովանաւորութիւն է մեր առաջարկածը: Մենք կը ծանօթացնենք, կը կապենք երկու կողմերը իրարու եւ անոնք գումարը ուղղակի կը ղրկեն, կը մտերմանան:
Մինչեւ հիմա, մէկ ամսուան մէջ, «Արցախ Նուէր» ծրագիրին միջոցով առաւել քան 60 սփիւռքահայ ընտանիքներ ապահովեցինք, որոնց 60 տոկոսը մեր դպրոցի երրորդ դասարանի ծնողներ են: Կապի մէջ են, կը հեռաձայնեն, կը գրեն: Հոն պատրաստուած պուպրիկ մը կը յանձնենք հոս՝ հովանաւոր ընտանիքին, շնորհակալագիրի մը հետ: Աշակերտները կը խենթենան, կը սիրեն եւ ամուր կապ մը ստեղծուած է անոնց միջեւ:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Վերադառնանք Դիլիջան: Պատերազմի օրերուն այնքան օգնութեան կարիքը կար, որ արդէն մեր ուժերէն վեր էր ամէն ինչ: Այդ օրերուն էր, երբ Հուրին ինծի հեռաձայնեց՝ տեղեկացնելով, թէ իր աշակերտները կը փափաքին ինչ որ ձեւով օգնութիւն փոխանցել արցախցիներուն:
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.- Մեր աշակերտները կապուեցան հայրենիքի հետ, սիրահարուեցան, իրենց արիւնին մէջ մտաւ հայրենասիրութիւնը: Վերջապէս, վաղը իրենք է որ պիտի շարունակեն մեր գործը: Այս է գլխաւոր կէտը, որուն համար կ՛ուզեմ յառաջ մղել այս ծրագիրը:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր ընտանիք պէտք է մէկ ընտանիքի օգնէ: Պատասխանատուութիւն ստանձնէ: Մեր նպատակը այդ է: Քաջալերել, որպէսզի աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ հոսկէ դառնան հովանաւորներ: Իսկ մենք մեր կարգին կ՛օգնենք այլ միջոցներով:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս հովանաւոր դառնալ:
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.- Ունինք երկու տարբերակ. չորս հոգինոց ընտանիքի համար՝ 100 տոլար ամսական, իսկ երբ թիւով աւելի մեծ ընտանիք է՝ 150: Սակայն, մտերմութեան հետ նուէրներու քանակն ալ կ՛աւելնայ: Հետաքրքրական է, որ աշակերտները անընդհատ կը մտածեն նոր գաղափարներու մասին՝ օգնելու համար Արցախին:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Այո, այդ ցանկութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ: Եւ կը մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ ծրագիրը, որովհետեւ «Արցախ Նուէրը» պէտք է ինքն իրեն հանգիստ շարունակուի:
ՀՈՒՐԻ ԽԵՉՈՒՄԵԱՆ.- Ժամանակն է, որ արթննանք ազգովին, ալ կը բաւէ՛: Եւ ուր որ լաւ գործ մը կայ, այդ տեսնենք, գնահատենք, քաջալերենք:
ՄԵԼԻՆԷ ԷԼԵԱՆ.- Մենք պէտք է պետութեան եւ ժողովուրդին մէջքին ըլլանք, թիկունք կանգնինք: Դրականը տեսնենք եւ գրենք, տարածենք այդ մասին:
Զրոյցին աւարտին, Խեչումեան ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնուհիին, որ առաջին իսկ օրէն նեցուկ կանգնեցաւ եւ բոլոր միջոցները ապահովեց, որպէսզի գումարները կանոնաւորաբար ուղարկուին Հայաստան: Իր կարգին, Էլեան բարձրօրէն գնահատեց Հայաստանի իրենց գործընկերներ Վրոյր Խաչատրեանը եւ Գայիանէ Պետրոսեանը:
Կեցցէ՛ք տիկին Էլեան, տիկին Խեչումեան եւ ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3րդ կարգի աշակերտներ: Շա՛տ ապրիք:
Ընթերցող բարեկամ, այցելէ՛ www.Artsakhsnvehr.org կայքը եւ հովանաւորէ ընտանիք մը Արցախի մէջ, ուղղակի կապ հաստատելով անոր հետ: