ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 11 Մարտին, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը նախագահի աշխատակազմին ուղարկեց զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնին համար Արտակ Դաւթեանը նշանակելու առաջարկ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան չստորագրեց Արտակ Դաւթեանի նշանակման հրամանագիրի նախագիծը եւ համապատասխան առարկութիւններով վերադարձուց վարչապետին։
Աւելի ուշ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գէորգեան յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ չեն ընդունած նախագահի առարկութիւնները Արտակ Դաւթեանի նշանակման վերաբերող, եւ վարչապետին առաջարկը եւ համապատասխան հիմնաւորումները դարձեալ ուղարկուեցան նախագահին։
Նախագահականէն յայտնեցին, որ նախագահը չէ ստորագրած հրամանագիրը եւ պիտի չդիմէ Սահմանադրական դատարան։
Եթէ նախագահը ոչ ստորագրէ, ոչ ալ դիմէ Սահմանադրական դատարան, այս կը նշանակէ, որ Արտակ Դաւթեան իրաւունքի ուժով կը դառնայ ընդհանուր հրամանատար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութիւնը: