ՀՐԱՅՐ ԹՈՒԽԱՆԵԱՆ
Ուրբաթ, Յունիս 3, 1921ին, Պերիլնի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարոթեան աւարտին, ան անմեղ ճանչցուեցաւ:
Իմ կեանքիս մէջ քանի մը կարեւոր թուականներ կան: Ամէնէն նշանակալին 1955ի Սեպտեմբերն էր, երբ ես եկայ Սիրաքիւսի համալսարանը՝ լսատեսողական նկարահանման արուեստ ուսանելու համար: Առաջին օրը, երբ կը պտտէի Սիրաքիւսի կեդրոնը, պատահականօրէն հանդիպեցայ ճեմարանական իմ ընկերներէս մէկուն՝ Էլօ Տէր Մելքոնեանին:
Ուրախ էինք զիրար տեսնելու: Ան ալ արուեստ եւ նկարչոթիւն կ՛ուսանէր եւ կը բնակէր ազգականին տունը, Սաչաքլեան ընտանիքին հետ:
Օր մը, Էլօ Տէր Մելքոնանը զիս տարաւ անոնց տունը: Հօրաքոյրը` էլիզա Տէր Մելքոնեանը, ամուսնացած էր Ահարոն Սաչաքլեանին հետ: Տիկին Սաչաքլեան եռանդուն կին մըն էր` հինգ ոտք հասակով եւ զօրաւոր անհատականութեամբ: Ահարոն Սաչակլեան շատ զուսպ, լուրջ եւ լռակեաց անձնաւորոթիւն մըն էր:
Ծանօթանալէն վերջ, Էլօն զիս ներկայացոց որպէս Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի աշակերտ եւ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցոթեան «Զաւարեան» Ուսանողական կոմիտէին: Ես դարձայ այս ընտանիքին անդամներէն մէկը: Տիկին Սաչաքլեան ըսաւ. «Տղաս, մայրդ այս պահուն հոս չէ, դուն իմ զաւակս ես: Այս քու տունդ է, եկոր եւ գնա ինչպէս որ սիրտդ կ՛ուզէ»: Քանի, որ ուրիշ մէկը չէի ճանչնար քաղաքին մէջ, յաճախ կ՛այցելէի իրենց եւ ամէն անգամ աւելի մտերիմ կը զգայինք: Պարոն Սաչաքլեան անդրադարձաւ, որ մեծնալու տարիներուս ՀՅԴի կողմէ կազմակերպուած երկու դէպքեր մեծապէս տպաւորած էին զիս: Մէկը՝ Օսմանեան դրամատան գրաւում էր, (Bank Ottoman) միւսը՝ Ցեղասպանութեան հեղինակ՝ Թալաթ փաշային սպանութիւնը Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ: Այս երկու պարագային ալ Արմէն Գարօն մեծ դեր խաղացած էր:
Երբ Երիտթուրքերը (Ittihad Party) գրաւեցին կառավարութիւնը, սուլթան Համիտէն (Կարմիր սուլթան), Արմէն Գարօն դարձաւ թրքական խորհրդարանի անդամ, իսկ առաջին անկախութեան տարիներուն՝ 1918-1921ին, Արմէն Գարօն դարձաւ Հայաստանի դեսպանը՝ Միացեալ Նահանգներոն մօտ, ներկայացնելով Հայաստանի կառավարութիւնը:
ՀՅԴի 1919ի Ընդհանոր ժողովի օրակարգին կէտերէն մէկը Հայոց Ցեղասպանոթեան կազմակերպիչ, թուրք ղեկավարներու սպանութիւնն էր։ Գործողութիւնը պիտի գլխաւորէր Շահան Նաթալին, որ նաեւ կարող քաղաքական գործիչ էր: Այս գործողոթիւնը կոչուեցաւ «Յատուկ գործ», իսկ հետագային անունը դարձաւ «Նեմեսիս» (Operation Nemesis): Երբ ՀՅԴի գործիչներէն մէկը գար Միացեալ Նահանգներ դրամահաւաք կազմակերպելու, Արմէն Գարօն անոնց կը ղրկէր Ահարոն Սաչաքլեանին քով: Ան հաշուապահ էր եւ ժամանակին «Հայրենիք» հաստատութեան գործերու տնօրէնն էր Պոսթընի մէջ եւ քաջատեղեակ էր դրամահաւաքի ձեւերուն:
Քանի, որ Սաչաքլեան զիս կը սիրէր, ինծի քանի մը բաներ պատմեց, որ որիշ մէկու մը չէր ըսած: Ըստ երեւոյթին, երբ Շաւարշ Նարդունին եկաւ Միացեալ Նահանգներ, Արմէն Գարօն զինք ղրկեց Սաչաքլեանի մօտ, որ հայթայթեց գումարը «Յատուկ գործ»ին համար:
Էլօն զիս ծանօթացոց նաեւ Սոնային հետ: Սոնան կ՛ապրէր Սաչաքլեաններու ապրած փողոցին վրայ, 714 Կլենուուտ փողոց: Այդ օրունէ ի վեր, 714ը բախտաւոր թիւ մը եղած է ինծի համար: 1956ի Սեպտեմբեր 1ին ես եւ Սոնան ամուսնացանք:
1958էն 1960 մենք Սան Ֆրանսիսքօ ապրեցանք: Սոնան Bank of America կ՛աշխատէր: Տարեց մարդ մը, Արմէն Պազիկեան անունով, նոյն տեղը կ՛աշխատէր, որպէս պահակ: Պազիկեան իմացաւ, որ իմ հայրս ծնած էր Վան, նոյն քաղաքը ուր ինք ծնած էր: Անկէ վերջ, Պազիկեանները մեզի «որդեգրեցին»: Ամէն Կիրակի, եկեղեցիէն ետք, պէտք էր անպայման երթայինք իրենց տունը ճաշի: Ամէն Կիրակի, Սողոմոն Թեհլիրեան եւ իր կինը՝ Անահիտ նոյնպէս Պազիկեաններուն տունը կու գային: Մինչ կանայք զբաղած էին խոհանոցին մէջ, Թեհլիրեան եւ Պազիկեան նարտի կը խաղային: Թեհլիրեանն ալ անդամ էր ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէին, ինչպէս ես: Բառեր չկան նկարագրելու զգացումներս: Իմ մանկութեան տարիներուս հերոսը նոյն կոմիտէութեան կը պատկանէր: Ի՜նչ պատիւ էր ինծի համար:
Ես շարժապատկեր արտադրող եմ, ուստի կնոջս ըսի, որ եթէ շարժապատկեր մը չնկարահանեմ Թեհլիրեանի մասին, ամօթ ինծի:
1979ին, մանրամասն ուսումնասիրութենէ մը վերջ, Սոնան նկարահանման բեմագրութիւնը վերջացուցեր էր, իսկ ես սահիկներով պատմաշար մը պատրաստեր էի: Ուրեմն, ժամանակն էր շարժանկարի արտադրութեան համար դրամահաւաք կազմակերպելու: Երանի՜ Սաչաքլեան ողջ ըլլար: Ան անկասկած պէտք եղած գումարը կը հայթայթէր:
Ես Պէյրութ գացի ու գաղափարս ներկայացուցի ճեմարանի այն ժամանակուան տնօրէն, դոկտ. Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին, որուն կը ճանչնայի դպրոցական օրերէս: Երկունք ալ ՀՅԴի անդամներ եւ քաղաքական գերծիչներ էին:
Իրենք քաջալերեցին ու ճիշդ ճամբուն վրայ դրին զիս: Ես Թեհրան գացի ու քանի մը կարեւոր անձերու հետ տեսնուեցայ: Անոնցմէ մէկը տարեց մարդ մըն էր, որ ներդրում ընելու մտադրոթիւն չունէր: Սակայն, ան յայտնեց որ Պերլինի մէջ ճանչցեր էր Զաքարեանը, որ Թեհլիրեանի դատավարութեան երկու թարգմանիչներէն մէկը եղած էր եւ թէ ան կրնար կարեւոր տեղեկութիւններ տալ ինծի: Ուստի՝ Պերլին ճամբորդեցի: Երբ որ հասայ, հեռաձայնեցի Զաքարեանին: Այդ գիշեր, զիս հրաւիրեց ընթրիքի: Ան շատ բարեացակամ էր, բայց աւելի քան 90 տարեկան էր եւ դժուարութիւն կ՛ունենար մանրամասնութիւններ յիշելու, մինչեւ, որ սահիկները ցոյց տուի իրեն: Մէկ բան, որ իմացայ իրմէ այն էր, թէ դատախազը՝ դոկտ. Քէօլնիք, եւ ինք մօտիկ բարեկամներ էին: Զաքարեան ըսաւ, որ իրականութեան մէջ դոկտ. Քէօլնիք կը փափաքէր, որ Թեհլիրեան ազատ արձակուէր, հակառակ անոր, որ դատավարոթեան ժամանակ մահապատիժ պահանջած էր:
Դատավարոթեան փակման խօսքերը՝ «Առաքելութիւն Պերլին» շարժապատկերէն
Երբ վերադարձայ Ամերիկա, ես Լոս Անճելես ճամբորդեցի: Մեր լաւ ընտանեկան բարեկամներ՝ Հուրիկ եւ Ճորճ Քալեպճեանները ընթրիք մը կազմակերպած էին եւ քանի մը երեւելիներ հրաւիրած էին: Ներկայ էին դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Լոս Անճելեսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի փրոֆոսոր եւ դոկտ. Մալքըլ Յակոբեան, Հակական շարժապատկեր հիմնարկութեն (Armenian Film Foundation) հիմնադիրը: Ես 1950ականներէն ի վեր ծանօթ էի դոկտ. Յակոբեանին, երբ որ Պէյրութ կո գար իր կարգ մը վաւերագրական շարժապատկերները նկարահանելո, ես կ՛ընկերանայի իրեն որպէս օգնական: Երբեմն ան Տիթրոյիթ ալ կու գար եւ կը դասախօսէր, իր շարժանկարները ներկայացնելով Detroit Institute of Arts-ի ինչպէս նաեւ WXYZ կայանին Փիէրօ միջոցով: Երբ ան Տիթրոյիթ կը գտնուէր, մեզի ճաշի կու գար: Աւելի ուշ, 1980ականներու սկիզբը, Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան խողովակով ան կազմակերպեց «Առաքելոթիւն Պերլին» շարժապատկերին արեւմտեան ափի խաղանորը:
Այս օրերուն, երբ կը նշենք Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթի ահաբեկման հարիւրամեակը, կ՛ուզենք վերյիշեալ նաեւ այդ գործողութեան եւ անոր յաջորդած դատավարութեան նուիրուած Assignment Berlin ֆիմը, որուն բեմադրիչն է Հրայր Թուխանեան։
Նշենք, որ 1982ին Տիթրոյիթի մէջ տեղի ունեցած ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութեան առիթով, Թուխանեան յատուկ հռչակագիրով մը մեծարուած էր Միշիկընի նահանգապետ Ուիլեըմ Միլիքընի կողմէ։
Թեհլիրեանի մասին բեմադրիչին խօսքերը