ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Յետ պատերազմի այս օրերուն, երբ բաց են ազգի վէրքերը ու դեռ փակ են մեր շրթունքները, կը փափաքիմ, յարգելի ընթերցող, ձեր եւ բոլոր որդեկորոյս ընտանիքներուն թոյլտուութեամբ, առաւելաբար` Ջուղայի պղծուած շիրիմներուն պարտադրած երկիւղածութեամբ եւ խոր ակնածանքով, վերցնել «շիրիմ» բառի գեղաքանդակ մարմարը ու յայտնաբերել անոր մէջ յաւերժօրէն հանգչող ազգային-գրական գանձերը: Գանձախոյզ մը չեմ: Ըմբռնումով մօտեցէք: Նպատակս է այդ բառին երկու պաղ վանկերուն մէջ մոռացութեան ենթարկուած լեզուական ընտիր գեղեցկութիւններուն լոյս տալ ու անոնց պարգեւել երկրորդ կենդանութիւն՝ շարադրելով նաեւ մեր դիւցազուններու, թագաւորներու, երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ նշանաւոր իշխաններու շիրիմներուն վրայ քանի մը խօսք:
Աւա՜ղ, անյայտ է «շիրիմ» բառին արմատը: Բայց, այս երեւոյթը նոր չէ մեզի համար, քանզի Արցախեան հողին վրայ դեռ անշիրիմ կը մնան անհամար հերոս հայորդիներ: Հրաչեայ Աճառեանը համոզուած է, թէ «շիրիմ» բառին նախնական նշանակութիւնը պարզապէս «քար» էր, ապա դարձեր է «քերեզմանաքար»: Բառը տեղափոխուած է նաեւ հիւսիս ու կը գործածուի լազերէնի եւ վրացերէնի մէջ՝ «շիրիմ» ձեւով:
Բարդ եւ ածանցաւոր բազմաթիւ բառերու ծնունդ չտուաւ անիկա: Հայոց լեզուն միայն եօթը բառ ունի «շիրիմ»ով կազմուած: Քանի որ թիւով շատ չեն անոնք, ապա բոլորը կարելի է յիշել հոս. արուեստաւոր երեք հատը՝ շիրիմախաչ, շիրիմարձան, շիրմաքար, յոյս ներշնչողը՝ անդրշիրիմեան, վշտահարը՝ անշիրիմ, ընտանեկան սրբութիւն բուրողը՝ շիրմակից: Իսկ եօթներորդ բառը՝ 10րդ դարուն յայտնուած «շիրմաւոր»ը, կը պարտինք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին. «Ի դադարման եղծման շիրմաւոր, արարչական բանին սպասաւոր»: Հազուագիւտ բառ է այս մէկը եւ կը նշանակէ գերեզման ունեցող: Սուրբին գրիչէն հոսեցաւ նաեւ պատկերաւոր մէկ արտայայտութիւն՝ «հողապատեան շիրիմ»: Կայ նաեւ… թիւ ութն, այդ վատ ու չար բառը, որ գոյութիւն չունի հայու բառարաններուն մէջ, սակայն այդ հրէշը շատ այցելած է մեզ, ու ամէն անգամ տեսնելով զայն՝ մենք մնացած ենք շշմած ու կարկամած: «Շիրմապիղծ» բառն է անիկա, որ կը բացակայի հայկական գրականութեան եւ մտածողութեան մէջ: Սակայն, գրող, հրապարակախօս Զորի Բալայեանը օր մը դառնացած սիրտով ակնարկեց անոր, երբ Ջուղայի հայկական խաչքարերու եւ շիրիմներու պղծումը դատապարտելու համար բեմ ելաւ ու խօսեցաւ. «Մենք խօսում ենք այսօր Նախիջեւանի անկրկնելի սքանչելի խաչքարերի մասին, սակայն պէտք է չմոռանանք, որ իւրաքանչիւր խաչքարի տակ մի հայի շիրիմ է, եւ այսօր նրանք պղծում են շիրիմները»:
Հայը նախընտրեց լուռ մնալ «շիրիմ»ին առջեւ ու շատ չարտայայտուիլ անոր մասին, հակառակ պարագան ալ համարելով սրբապղծութիւն: Ուստի շատ չեն «շիրիմ» բառով կազուած արտայայտութիւնները, կան լոկ երեք դարձուածքներ՝ գրաբարէն ժառանգ մնացած: Ահա այդ մասունքները եւ անոնց միջազգայնօրէն ընդունելութիւն գտած թարգմանութիւնները. «Մարմնածախ շիրիմ» sarcophagus, «Շիրիմ հոյակապ» mausoleum, «Շիրիմ դատարկ» cenotaph՝ անյայտ կամ հայրենիքէն հեռու մահացածի համար կառուցուած յուշադամբարան: Ժամանակակից հայերէնի մէջ «անթաղ-անշիրիմ» են անոնք, որոնք գերեզման չունին, չեն թաղուած: Իսկ եթէ հայ զինուորը ձեզի ըսէ, թէ զինակից ընկերները «շիրիմ կը բռնեն», իսկոյն հանեցէք ձեր գլխարկները ու պահ մը լռութեամբ յարգեցէք անոնց յիշատակը:
Հակառակ իր անկենդան տեսքին՝ բառը յաջողեցաւ տեղանուն դառնալ: Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Արագածոտնի, պատմական Այրարատի եւ Տուրուբերանի մէջ կայ գիւղ, գերեզմաննոց, վանք, կամ լեռ մը, որուն անունն է «Շիրիմք»:
Շիրիմներ այցելեց ու անոնց մամռոտ վէմերուն ջերմեռանդ շրթունքով համբոյր նուիրեց նաեւ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցը: Ազգագրագէտ եպիսկոպոսը, ապա, հայոց պաշտելի շիրիմներուն նուիրուած յօդուած մը գրի առաւ ու զայն կոչեց՝ «Շիրիմք Նախնեաց»: Այդ նախնեաց շիրիմներէն մէկը կը պատկանէր Արշակունի թագաւորներուն. «Արշակունի թագաւորաց շիրիմներ Դարանաղեաց գաւառին մէջ Երզնկայի մօտ Անի բերդին եւ Թորդանի մէջ եղած են, որոնց շատերը արդէն ուրացող Մեհրուժանէն կողոպտուեցան, եւ այն յարգելի ոսկորներ ի գերութիւն տարաւ չարն»: Մէկ այլ նկարագրութիւն նուիրուած է Լեւոն թագաւորին. «Ռուբինեանց վերջին թագաւոր Լեւոն, որ կենօք թշուառ՝ բայց յետ մահուան գոնէ արժանացաւ նշանաւոր շիրիմ ու փառաւոր արձան իւր վերայ ունենալ»: Գարեգին եպիսկոպոսին ամէնէն հրճուալի օրն էր, երբ իր հոգեւոր եղբայրներով յաջողեցաւ վերազարդարել Արծրունի Սենեքերիմ թագաւորի շիրիմը, որ կը գտնուէր Վարագայ վանքի Սուրբ Գեւորգ տաճարի աջակողմեան դասը: Անոր շիրմակիցներն էին իր կինը՝ Խուշուշ թագուհին, եւ Գետադարձ Պետրոս հայրապետը: Ահա, թէ Գարեգին Սրուանձտեանց ինչպէ՛ս կը նկարագրէ այդ օրը. «Զուարճախառն տրտմութեամբ ամփոփեցինք կրկին այն պատուական ոսկորները իւր հանգստարանին մէջ բարձրացուցանելով շիրիմին դիրքը եւ ըստ չափու զարդարեցինք նորա վէմը»:
Յարգելի ընթերցող, դուք չկարծէք, թէ հայոց շիրիմները սուգի եւ տրտմութեան մութ քարեր են միայն: Հակառակը ապացուցանելու համար, ձեզ կը հրաւիրեմ Թիֆլիս, ուր թաղուած է Սայաթ Նովան: Ըստ Յովհաննէս Թումանեանի՝ Սայաթ Նովայի շիրիմը եւ նմանները յոյսի եւ լոյսի վայրեր են: Ահա Ամենայն հայոց բանաստեղծին նկարագրութիւնը. «Պայծառ են, ժպտում են մարդկանց սրտերին մի խոր յաւիտենական ժպիտով ու ասես թէ կեանքը հաշտեցնում են մահի հետ: (…) Ամբողջովին հաշտութիւն ու սէր է բուրում… Միշտ կենդանի… պայծառ, քնքոյշ ու ազնիւ»: Դուք հիմա կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչպէս գրի առնուեցաւ այդ տպաւորութիւնը: Պատմե՛մ. Յովհաննէս Թումանեանը 1914 թուականի Մայիսի 15ին, Համբարձման օրը, վարդեր գրկած՝ քաղաքի հասարակութեան հետ այցի գնաց մեծ աշուղի շիրիմը – ուխտագնացութիւն մը հոգեշահ – եւ նոյն օրը գրի առաւ այդ յօդուածը ու զայն կոչեց՝ «Մի Պայծառ Շիրիմ»:
Իսկ օր մըն ալ, Թումանեանը, Դսեղի հին, փոքր գերեզմաննոցին մէջ նկատեց անշուք եւ անյիշատակ մնացած երկու քար, մօտեցաւ ու գրեց հետեւեալ քառեակը.
«Երկու շիրիմ իրար կից,
Յաւերժական ու դրկից,
Թախծում են ու լուռ խորհում,
Թէ ինչ տարան աշխարհքից»:
Անոնք Թումանեանի մեծ մօր եւ մեծ հօր շիրմաքարերն էին… Յաջորդ յօդուածիս մէջ, յարգելի ընթերցող, պիտի տեսնենք, թէ բոլորէն աւելի 19րդ դարու քնարերգակ հայ բանաստեղծներն էին, որ երգեցին «շիրիմ» բառի յաւերժական գեղեցկութիւնը: Աւա՜ղ, վաղամեռիկ Դուրեանն ու Մեծարենցը տարաժամ «գրկեցին» զայն, իսկ Սեւակը, Վարուժանը, Երուխանը, Սիամանթօն եւ Թլկատինցին մնացին՝ անշիրիմ: Այդ բոլորին, կրկին ձեր թոյլտուութեամբ, կ՛այցելենք գալ շաբաթ ու ջերմեռանդ շրթունքով կը համբուրենք անոնց գրական յիշատակը: