ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- «Պատերազմական գերիներու հարցին վերաբերեալ մօտեցումս յստակ է եւ պարզ` անոնք պէտք է վերադարձուին: Հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ո՛չ միայն 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան հիման վրայ, այլ նաեւ հիմնուելով միջազգային ուխտերով հաստատուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ», նշեց դեսպանը:
Ըստ անոր՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ միակ մարմինը, որուն մէջ կարելի է քննարկում, բանակցութիւններ կատարել` հարցին որեւէ դիւանագիտական լուծում գտնելու առումով՝ աւելցնելով․ «Մինսքի խմբակի համանախագահները այժմ բանակցութիւններու մէջ են, որպէսզի աշխատանքային այցելութիւն կատարեն շրջանը»: