ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Մարտին Բաղրամեան պողոտային մէջ մամլոյ ասուլիս տուաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան, որ յատկապէս անդրադարձաւ 20 Յուլիսին խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու յայտարարութեան եւ կարելիութիւններուն
Ան հաստատեց, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնը՝ ընտրութիւններ իրականացնելու մասին, ապացոյց չէ, որ այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան, արդարեւ, խորհրդարանական ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ է առաջին հերթին, որ վարչապետը հրաժարական տայ, ընդ որում՝ 2 անգամ, այդ ժամանակաշրջանին չընտրուի վարչապետ, լուծարուի խորհրդարանը, եւ հանրապետութեան նախագահը ճշդէ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
«Այսինքն, Փաշինեանի այն Ֆէյսբուքեան ստատուսը, որ Յունիսի 20ին տեղի են ունենալու ընտրութիւններ եւ դա վերջնական է, դա մեզ մօտ հաւատ չի ներշնչում: Այս ժամանակահատուածում իրենք մի քանի անգամ խօսել են արտահերթ ընտրութիւնների մասին, շատ արագ հրաժարուել են, պատերազմի ընթացքում 44 օր ստով եւ կեղծիքով կերակրել են մեզ․․․ Մենք ունենք բաւարար բոլոր հիմքերը` կասկածելու, որ Յունիսի 20ին տեղի են ունենալու ընտրութիւններ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Երկրորդը, ան նշեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը եղած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի պահանջներէն մէկը: Բայց, եթէ նոյնիսկ տեղի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, պիտի բաւարարուի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի պահանջներուն ընդամէնը մէկ մասը:
«Մենք գտնում ենք, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ եւ կարեւոր պայման են երկրում ստեղծուած իրավիճակից դուրս գալու համար, բայց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպմամբ, իր` ժամանակաւոր պաշտօնակատար լինելու դէպքում, կը բերի մեծ վտանգի, որ դա չի լինի մրցակցային, հաւասար պայմաններով, կը լինի մեծ հնարաւորութիւն, որ այդ ընտրութիւնները կեղծուեն, եւ իրականում այդ ընտրութիւնները կարող են լինել ոչ թէ ստեղծուած իրավիճակից դուրս գալու ելք, այլ նոր ճգնաժամի սկիզբ», յայտնեց ան։
Հետեւաբար, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կը շարունակէ պնդել, որ այն ճամբու քարտէսը, զոր Փաշինեան առաջարկած էր, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ճիշդ միջոց չէ, արդիւնաւէտ քարտէսը Շարժումի առաջարկածն է։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Բաղրամեան փողոցը պիտի շարունակէ՞ փակ մնալ՝ Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին, կրնայ նաեւ մարտավարական փոփոխութիւններ կատարուիլ: «Հնարաւոր է անհնազանդութեան գործողութիւնների մարտավարութեան փոփոխութիւն, բայց խօսել այս պահին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մասին, որն, ըստ էութեան, գոյութիւն չունի, կայ ընդամէնը յայտարարութիւն, անիմաստ ենք համարում», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան նշեց, որ ընտրութիւններուն մասին յայտարարութիւնը Շարժման, մեր հայրենակիցներուն կատարած աշխատանքին եւ ճնշման արդիւնք է, ինչ որ որոշ ձեռքբերում էորովհետեւ որեւէ իշխանութիւն, որուն վիճակը լաւ է, պիտի չձեռնարկէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան: Բայց ատիկա բաւարար պայման չէ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու համար:
Ըստ Սաղաթէլեանի՝ եթէ Փաշինեան անկեղծ է, թող հրաժարական արդէն իսկ տար։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար ո՞վ ի մտի ունին՝ ան ըսաւ, որ անձնական շահագրգռութիւն չունեցող անձ մը՝ յանձին Վազգէն Մանուկեանի: «Բայց եթէ կայ այլ թեկնածու, որը կարող է լինել չէզոք, եթէ լինեն քննարկումներ կարող ենք քննարկել, բայց ընտրութիւնները կազմակերպող անձը չպէտք է մասնակցի ընտրութիւններին», յայտնեց ան։
Սաղաթէլեան բնական նկատեց, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները յայտարարեն, թէ պատրաստ են մասնակցելու նոյնիսկ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած ընտրութիւններուն, ինչ որ անոնց բնական իրաւունքն է։ Ան նշեց, որ Շարժման բազմաթիւ կուսակցութիւններ իրենց դիրքորոշումը յայտնած են: »Բայց այստեղ կայ կարեւոր մի բան. Նիկոլի հեռացման հարցում Շարժման մէջ կայ 100 տոկոս համախոհութիւն: Պարզապէս մի մասը գտնում է, որ դրան արագ հասնելու ճանապարհը ընտրութիւններ են, միւս մասը գտնում է, որ պէտք չէ իրենով գնալ ընտրութեան․ այստեղ մօտեցումների տարբերութիւն կայ», նշեց Սաղաթէլեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը ի՞նչ է՝ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենք պիտի պայքարին իրենց առաջադրած օրակարգին համար: Նոյնիսկ եթէ մինակ մնան, պիտի շարունակեն պայքարը, որ Նիկոլ Փաշինեան օր առաջ հեռացուի: Ան աւելցուց, որ եթէ ամէն պարագայի տեղի ունենան ընտրութիւններ, Դաշնակցութիւնը պիտի քննարկէ՝ պիտի մասնակցի՞, թէ ոչ: