ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քրիստոնէական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ ըրաւ՝ անյապաղ օգնութիւն տրամադրելու Արցախի բնակիչներուն, որոնք ստիպուած եղած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած վերջին պատերազմին պատճառով հեռանալու իրենց տուներէն:
«Մենք Միացեալ Նահանգները կը յորդորենք աշխուժօրէն բանակցութիւններ վարելու՝ վերադարձնելու համար հայ զինուորները եւ քաղաքայինները, որոնք 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած զինադադարի պայմանագիրին խախտումով՝ կը շարունակեն բանտարկուած մնալ: Մենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք՝ լայնօրէն ճանչնալու 20րդ դարասկիզբին գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», կը նշուի խորհուրդին յայտարարութեան մէջ:
Խորհուրդը նաեւ կը դատապարտէ եկեղեցիներու եւ կրօնական կոթողներու ոչնչացման փաստերը՝ նշելով, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է պաշտպանել մշակութային ժառանգութիւնը: