ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Չակերտաւոր այս մաղթանքին ետին թաքնուած մտածումը մահուան չափ խորունկ է: Այստեղ երեւցող անհեթեթ գաղափարը այն է, որ մեռելները, որոնք արդէն մեռած են, ողջ կը պատկերացուին, եւ որոնց ողջ ըլլալուն համար պէտք է երախտապարտ ըլլանք անոնց: Ճիշդ է նաեւ քրիստոնէական այն հաւատալիքը, որուն համաձայն, մեռելները միայն մեր խոր հաւատքին շնորհիւ օր մը պիտի վերակենդանանան, երբ լսեն Գաբրիէլեան փողին ձայնը, դուրս գալու համար իրենց գերեզմաններէն եւ ներկայանալու վերջին դատաստանին:
Մեռելներուն համար աղօթելը քրիստոնէական մեր պարտաւորութիւններէն է, որուն համար յատուկ արարողութիւն` «հոգեհանգստեան պաշտօն» հաստատած է մեր եկեղեցին: Աւելին, մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար կամ մեծ տօներուն յաջորդող օրերը կը կոչուին «Մեռելոց յիշատակի օր», որոնց ընթացքին հոգեհանգիստ եւ գերեզմանօրհնէք կը կատարենք, դարձեալ աղօթելով մեր ննջեցեալներու հոգւոց փրկութեան համար: Մարդոց հոգիին փրկութիւն ապահովելը մեր մարդկային կարողութենէն վեր է: Սակայն մեր կատարած աղօթքը, մեղաւոր մարդուն վրայ Աստուծոյ գութը հրաւիրելու համար է. այսինքն այն մարդուն, որ իր երկրաւոր կեանքը աստուածահաճոյ պատուիրաններուն համապատասխան կշռոյթով չէ ապրած, խախտելով բազմաթիւ աստուածադիր կամ բարոյական բացարձակ օրէնքներ:
Մեռելներուն ուր կամ ինչ վիճակի մէջ ըլլալը եւս մարդկային միտքի հասողութենէն վեր է: Շատեր չարչրկած են իրենց միտքը՝ երեւակայելով, որ մահէն ետք ինչ վիճակ կը շնորհուի մարդու հոգիին: Արդեօք բարի ու չար մարդիկ նոյն կարգավիճա՞կը կը ստանան իրենց մահէն ետք:
Շնորհալի հայրապետը «հոգիներու կայան»ի մասին ակնարկութիւն ունի իր հեղինակած «Հաւատով խոստովանիմ» կոչուած աղօթաշարին մէջ: Այսինքն կը խօսի վայրի մը մասին, ուր հոգիները պիտի սպասեն մինչեւ դատաստանի օրը, սակայն երկու տարբեր խմբաւորումներով՝ բարիները առանձին, չարերը առանձին: Անշուշտ այս վայրը կը տարբերի կաթոլիկ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան ընդունած «քաւարան»էն, ուր կը բիւրեղանան մարդիկ իրենց չար կամ ոչ-աստուածահաճոյ արարքներէն, որմէ ետք կը դիմակայեն ահեղ դատաստանը: Հայ եկեղեցին, մահէն ետք ուղղակի դատաստանի հաւատքը կ՛ուսուցանէ իր զաւակներուն, այսինքն մահէն ետք սպասողական վիճակի մէջ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր մարդ, ներկայանալու Աստուծոյ ահեղ դատաստանին, երբ որ կանչուի ատեան:
Մեռելներուն շահագործումը, այս կեանքի անբարոյական արարքներէն մէկն է: Շատեր մեռելներուն անունով սուտ վկայութիւններ կու տան, իբրեւ թէ նախքան մահանալը, այս կամ այն անձը իրենց պատուիրած է իրագործել այս կամ այն գործը: Գրաւոր փափաքներու կամ կտակներու բացակայութեան, որքա՜ն պարկեշտ եւ բոլորին կողմէ յարգուած հեղինակութիւն պէտք է ըլլայ մեռած անձի մը անունով տուեալ վկայութիւնը արտասանողը, որ ընդունելի ըլլայ բոլորէն: Սակայն, շատ քիչ է նման անձերուն թիւը մարդկային ընկերութեան մէջ: Նիւթական աշխարհի կամ հարստութեան հանդէպ սէրը մարդ արարածի տկարութիւններէն մէկն է: Մարդը երբեք պիտի չսորվի, որ այս աշխարհի հարստութիւնը բնաւ պիտի չկարենայ տեղափոխել միւս աշխարհը, այլ ակամայ զայն պիտի թողու այստեղ, ու ի՛նք մօրէ մերկ պիտի փոխադրուի հանդերձեալ կեանք:
Մէկը ինքզինք կը համոզէր ըսելով, որ նոր դագաղները տակը գզրոցներ պիտի ունենան, որոնց մէջ կարելի պիտի ըլլայ իրենց թղթադրամներն ու ոսկիները շարել եւ միասին տանիլ դէպի երանական կեանք:
Մեռելներու շահագործումը մինչեւ այսօր նիւթական եկամուտի աղբիւր է անոնց համար, որոնք դեռ չեն հասկցած, որ մարդ արարածը ի վերջոյ մէկուկէս մեթր հողատարածքի եւ քանի մը կանգուն պատանքի կարիք պիտի ունենայ իր կեանքի աւարտին: Ասոնք դեռ չեն սորված, որ իրենց հաւաքած գումարները ծախսուելու խոր ցանկութեամբ երբ դուրս կը թափին իրենց գրպաններէն, կ՛ուզեն բարիք դառնալ զիրենք «գերեվարած» անձերուն: Սակայն ի՜նչ օգուտ, որ իրենց բռնատէրերը դաժան հարուածով ետ կը մղեն անոնց ըմբոստ գլուխները դէպի իրենց գրպաններուն խորը, իրենց ափերուն մէջ դիզուած դրամներու նոր տրցակով մը:
Հայկական մամուլին դեռ միայն թղթատարած կամ տպագիր եղած օրերուն, երբ այս եւս միայն որոշ խաւի հաճոյքն էր, կային ձրի ընթերցողներ, որոնք բաժանորդի մը ստացած թերթը կը կարդային, փոխանակ անձնապէս բաժանորդագրուելու: Կային նաեւ կիսագրագէտներ, որոնք օրուան քաղաքական լուրերուն հաղորդ դառնալու համար, հեգելով կը կարդային մեծ վերնագիրները: Այս ընթերցասէրներու տարբեր խումբերուն մէջ կային նաեւ որոշ դասակարգի պատկանող մարդիկ, որոնց հետաքրքրութիւնը միայն մահազդներն էին: Անոնք ուշադրութեամբ կը թերթատէին մամուլը, տեսնելու համար, թէ ո՛վ մահացած է կամ ո՛ր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
Հետաքրքրութեան այս տեսակը հանգուցեալին վաստակին կամ իրենց ընտանիքին հետ ազգականական կապը գտնելու մտահոգութենէն շատ հեռու էր անշուշտ: Զարմանալիօրէն այս հետաքրքրութիւնը ձրիաբար կերակուր ուտելու ձգտումով կը յատկանշուէր: Այս թշուառականները օրուան մամուլը թերթատելով կ՛իմանային, թէ ո՛ր եկեղեցւոյ մէջ կար թաղում կամ հոգեհանգիստ, որուն աւարտին հոգեճաշ պիտի մատուցուէր սգաւոր բազմութեան: Անոնք յուղարկաւորներու շարքերուն մէջ սպրդելու մասնագիտութիւնը ունէին եւ կը յաջողէին տեղ գրաւել հոգեճաշի սեղաններու աննշան մէկ անկիւնը, որպէսզի յագենալէ ետք քանի մը պատառ ալ իրենց գրպանները լեցնելու հնարաւորութիւն ունենային:
Թաղման արարողութենէ-արարողութիւն ցատկռտող անկուշտ բորենիներու նման են այս մարդիկը, որոնց ցերեկուան թէ գիշերուան աղօթքը կը սկսի «ողջ մնան մեռելները» բարեմաղթանքով…։ Ողբերգութիւն է տեսնել այս թակարդին մէջ մուկերու նման բռնուած նոյնիսկ կրօնաւորներ, որոնք կտոր մը «պանիրի» սիրոյն իրենց վաստակը կը փճացնեն, գիշեր ու ցերեկ անծանօթ մեռելներ գովաբանելով: Այո՛, անսուաղ բորենիներու կը նմանին ասոնք, որովհետեւ պատրաստ են նոյնիսկ իրենց եղունգներով կրկտելու մեռելներուն թարմ հողակոյտերը, անոնց ապականած միսով կշտացնելու համար իրենց դատարակ ստամոքսը:
«Ողջ մնան մեռելները»: Բայց մէկը պիտի գտնուի՞ մեռելները շահագործողները թաղելու համար: Անոնց կատարած այսքա՜ն «զոհողութիւններուն» դիմաց «ապերա՞խտ» պիտի գտնուի արդեօք մարդութիւնը, երբ անոնց դիակը անշուք յուղարկաւորութեամբ տանի ու դնէ այն փոսին մէջ, որուն վրայ թափուած մէկ ափ հողը միայն պիտի կարենայ կշտացնել զանոնք:
Այո՛, թող միշտ ողջ ըլլան մեռելները, որպէսզի կարենան միւս աշխարհէն յղած իրենց պատգամներով արթնութեան կոչ ուղղել վերոյիշեալ տեսակի թշուառականներուն, յայտնելու անոնց, որ միւս աշխարհին մէջ նիւթական հարստութեան կարիք պիտի չունենան: Ողջ մնացէ՛ք, մեռելնե՛ր…։