ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն 22 Մարտին ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Հարիրի Պաապտայէն յայտնեց, թէ Աուն երէկ իրեն յղած է կառավարութեան կազմի մը նախագիծը, որուն մէջ նախարարութիւնները համայնքային դրութեամբ բաժնուած են, եւ պահանջած է, որ նախարարի իր թեկնածուներուն անունները լեցնէ համայնքներուն դիմաց:
«Նախագահ Աունի յղած կառավարութեան կազմի նախագիծին մէջ նախագահը ներկայացնող քաղաքական կողմին վերապահուած է կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդը: Հանրապետութեան նախագահին վերադարձուցի այդ նախագիծը եւ փափաք յայտնեցի, որ մոռնայ զայն: Ապա իրեն յանձնեցի իմ կառավարութեան կազմը, որ 100 օրէ ի վեր իր մօտ կը գտնուի, եւ ընդգծեցի, որ պատրաստ եմ դիւրացնելու հարցը, յատկապէս ներքին գործոց նախարարին գծով, սակայն ան կառչած կը մնայ կառավարութեան մէջ մէկ երրորդը ունենալու», ըսաւ Հարիրի:
Հարիրին մեկնելէ ետք, հանրապետութեան նախագահի քաղաքական եւ տեղեկատուական խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը անակնկալի եկած է Հարիրիի կատարած յայտարարութենէն եւ վերջինիս ոճէն: Ան նշեց, որ այս անգամ Հարիրիի վարուելակերպը եւ ոճը տարբեր էին: «Ան Պաապտա կատարած իւրաքանչիւր այցելութեան պակասաւոր կազմ կը ներկայացնէր, եւ շատ անգամ անանուն ցանկերով կը ներկայանար: Հանրապետութեան նախագահը յանձնառու է սահմանադրութեան համաձայն կառավարութիւն կազմելու, իսկ վարչապետ Հարիրիի կամ նախկին վարչապետներու կողմէ կատարուած բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը կառավարութիւն չի կազմեր, այլ պարզապէս կազմը կը վաւերացնէ` հակասահմանադրական են», շեշտեց ան:
Քոսթանթին հաստատեց, որ տիրող տագնապը կառավարութեան տագնապ է եւ պէտք չէ զայն վերածել իշխանութեան ու վարչակարգի տագնապի», եզրափակեց ան:
Կարելի է ըսել, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերադարձաւ զերօ կէտին, եւ երկիրը մուտք գործեց անորոշութեան աւելի խոր փուլ մը, որ շատ մտահոգիչ է:
Միւս կողմէ, ցուցարարները վերադարձան փողոց, եւ հրկիզուող անիւներով փակուեցան Պէյրութի կարգ մը ճամբաները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն՝ իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու: