ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 24 Մարտին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածու Գեղամ Ստեփանեանի հետ։
Թեկնածուն, որ կը վարէ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը, հակիրճ կերպով ներկայացուց վերջին շրջանին կառոյցին կատարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ յառաջիկայ կարգ մը ծրագիրներու մասին։
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները Գեղամ Ստեփանեանի հետ քննարկեցին յետ-պատերազմեան Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու ոտնահարման, Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու բարձրաձայնման առումով ՀՅԴ կառոյցին հետ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Շեշտուեցաւ, որ ներկայ իրավիճակին մէջ, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը բարձր առաքելութիւն է եւ կ՛ենթադրէ արհեստավարժ ու նուիրեալ աշխատանք թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ոլորտներուն մէջ:
Նոյն օրը ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները հանդիպում ունեցան նաեւ Հաշուեքննիչ պալատի անդամի թեկնածու Հրայր Մարգարեանին հետ: