ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 21 Մարտին, Փասատինայի Հայց. aռաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն եւ ներկայ ժողովուրդին համար ցնծութեան ու անհուն ուրախութեան անմոռանալի օր մըն էր, որ երկար տարիներ պիտի յիշուի եւ փառաբանուի ժողովուրդին կողմէ։
Այդ օր, Արեւմտեան թեմիս եւ Մեքսիքոյի թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր եպիսկոպոսական հոգեթով պատարագով, հոգեւոր մեծ լիցքաւորում շնորեց բարեպաշտ ժողովուրդին։
Նմանապէս այդ օր Մեծ Պահքի վեցերորդ Կիրակին էր, որ Գալստեան Կիրակի կը կոչուի, իսկ մէկ օր առաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Մուտքն ի Վիրապի օրն էր, եւ սոյն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր։ Առաւել՝ այդ օր առաջնորդը հրաւիրուած էր օծելու եկեղեցւոյ արուեստի հոյակապ երկու նոր գործերը. առաջինը կը ներկայացնէ Քրիստոսի Յարութեան տեսարանը, իսկ երկրորդը՝ եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած եկեղեցւոյ խճանկարը։
Այս նկարներուն պատրաստութեան ծախսը հոգաց ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մօտ հիմնադրամ մը հաստատեց Յարութիւն Այվազեան, նուիրելով 300,000 տոլար։
Սուրբ խորանին վրայ պատարագիչ եպիսկոպոսին կը սպասարկէին Վազգէն եւ Գէորգ քահանաները։ Գեղաձայն երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Պարթեւ Կուլումեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կիւրեղ Մանկրեանի՝ պարզապէս հիասքանչ էր, բառ եւ խօսք չունինք նկարագրելու համար այդ երգչախումբի եւ ղեկավարին կատարումները։
Պատարագին ամբողջ տեւողութեամբ սարկաւագներուն, երգչախումբին եւ տէր հայրերուն ու պատարագիչ սրբազանին համախառն եւ ներդաշնակ աղօթքներով յորդահոս օրհնութիւններ բաշխուեցան ներկայ ժողովուրդին։

Ս. Հաղորդութենէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, սրբազան հայրը տուաւ իր քարոզը, անդրադառնալով Գալստեան Կիրակիին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին ու եկեղեցւոյ անուան տօնին առիթով շնորհաւորեց եւ մեծապէս գնահատեց տէր հօր, վարչութեան եւ բոլոր ծառայողներուն նուիրումը։
Քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ սրբանկարներու օծման հոգեպարար եւ սրտաշարժ արարողութիւնը, վերջաւորութեան «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ սրբազանը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահը, ուր վարչութիւնը կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն մը։
Հիւրասիրութեան ընթացքին գործադրուեցաւ շատ հաճելի յայտագիր մը՝ սեղանապետութեամբ եկեղեցւոյ ժրաջան աւագ սարկաւագ Վահէ Չարխթեանի։ Խօսք առին եկեղեցւոյ ժրաջան եւ սիրուած հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փիթոյեան, եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ բարերար Յարութիւն Գրիգոր Այվազեան։ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները անջատաբար շնորհակալական նուէրներ յանձնեցին բարերար Յարութիւն Գրիգոր Այվազեանին, խորապէս յուզելով բարերարը։
Սրբազան հօր փակման խօսքով վերջ գտաւ այդ յիշատակելի հոգեւոր օրը։

Մեր կողմէ յիշենք, թէ Փասատինայի Հայց. առաքելական եկեղեցին հիմնուած է 1947ին։ Այս ծուխը եւ եկեղեցին կը հանդիսանան Փասատինայի հայ համայնքի կազմակերպման, ձեւաւորման եւ ազգային բազում աշխատանքներու հիմնաքարը։ Այս եկեղեցւոյ անդամներուն շնորհիւ է որ Փասատինայի մէջ ծնունդ առին տասնեակ մը միութիւններ, թերթեր եւ հաստատութիւններ։ Փասատինայի եկեղեցին Ս. Էջմիածինի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն մէջ միակ եկեղեցին է, որ ամէնօրեայ Յովսէփեան վարժարանը ունի, իր յարակից բազմազան մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն կողքին։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս ծուխի բոլոր պատասխանատուները աստուածահաճոյ այդ օրուան պատարագին համար։
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք նաեւ բարերար Յարութիւն Գրիգոր Այվազեանին, որ իր ծնողքին քայլերուն հետեւելով՝ նման իշխանական նուիրատուութիւններով կը շենցնէ մեր գաղութը։
Բոլորին վարձքը կատար։