ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, 28 Մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց 2022ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումը, երբ մրցեցաւ Իսլանտայի դէմ (Ժ. խմբակ):
Սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած Հայաստանի կազմը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը, որ աշխարհիւ լաւագոյն հաւաքականներու ցանկին վրայ 53 դիրք աւելի բարձր դասուած է Հայաստանէն։
Մրցումին, որուն ներկայ էին նաեւ համակիրներ։ Երկու կօլերը նշանակեցին Տիգրան Բարսեղեան (53րդ) եւ Խորէն Բայրամեան (74րդ): Բարսեղեան նաեւ կատարեց 2րդ կօլին փոխանցումը, Whoscored-ի կողմք ընտրուելով մրցումին լաըագոյն մարզիկը։
Նշենք, որ Հինգշաբթի երեկոյան Հայաստանի հաւաքականը Վատուզի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց հիւրենկալ Լիխթենշթայնի դէմ: Մրցումին որբ կօլը 83րդ վայրկեանին նշանակուեցաւ Լիխթենշթայնի հաւաքականէն Ֆրոմելթի կողմէ, որ սխալմամբ իր խումբին դարպասը գրաւեց: Մրցումին լաւագոյն մարզիկը կողմէ ընտուրեցաւ Յովհաննէս Համբարձումեան։
Չորեքշաբթի օր Հայաստան պիտի կատարէ զտումի իր երրորդ մրցումը, երբ Երեւանի մէջ հիւրընկալէ Ռումանիան: