Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովել երկրին մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ խօսքի ազատութիւնը, կը շեշտէ «Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի որդեգրման ակնարկելով:
«Ցաւալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛աջակցի տուգանքներուն, որոնք պիտի սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը եւ սպառնալիքի տակ պիտի դնեն երկրին մէջ լրատուամիջոցներու ելեւմտական կենսունակութիւնը: Քաղաքացիական հասարակութիւնը արդարացիօրէն քննադատեց օրէնքը եւ նշեց, որ զայն կարելի է չարաշահել՝ չափազանց մեծ տուգանքներ գանձելով եւ անկախ լրատուամիջոցներու նկատմամբ քաղաքական ճնշում գործադրելով քաղաքական գործիչներ եւ այլ ազդեցիկ հասարակական գործիչներ քննադատելնուն համար: Հայաստանի իշխանութիւնները կը յորդորենք՝ լրջօրէն նկատի ունենալու քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու մտահոգութիւնները եւ ջնջելու օրէնքը», շեշտեց կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ ծրագիրներու տնօրէն Մարք Պեհրենտթ:
Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին՝ խնդրելով չստորագրել օրէնքը եւ զայն վերատեսութեան համար ուղարկել Սահմանադրական դատարան: