ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, 28 Մարտին, Բաղրամեան-Դեմիրջեան փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համապետական հանրահաւաքը, որուն բացումը կատարեց ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան որ ըսաւ, թէ, թէեւ կայ այն ենթադրութիւնը, թէ հանրահաւաքներու թափը նուազած է, բայց Հայաստանի մէջ պայքարը որեւէ վայրկեան չէ դադրած: Ան դիտել տուաւ, որ այս պայքարին պատճառով է, որ Փաշինեան միշտ վախով կը շրջագայի։
Մանուկեան նշեց, թէ ինչպէս նախորդ շաբաթներուն եղաւ, երբ Նիկոլ Փաշինեան գաղտնագողի շէնքեր կը մտնէր, այդպէս ալ պիտի ըլլայ այնքան ատեն որ Փաշինեան տակաւին նստած է վարչապետի աթոռին: Ան խօսքը ուղղեց այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք լուռ են եւ տուները կը շարունակեն մնալ՝ նշելով, որ անոնց լռութեան ու անտարբերութեան ամէն մէկ օրը թուրքը աւելի կը մօտենայ իրենց տան:
Գ. Մանուկեան նշեց, որ պայքարող մարդը պէտք է ամէն օր պայքարի, որովհետեւ միայն ամէնօրեայ պայքարով կարելի է հասնիլ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի նպատակին:
«Այլընտրանքային նախագիծեր» խումբի անդամ, «Ճշմարտութիւն սերունդների համար» նախաձեռնութեան համակարգող Գեղամ Նազարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Ապրիլ 2018ին եղած զգուշացումները անտեսուեցան, սակայն գէթ ներկայիս պէտք է ականջ տալ զգուշացումներուն՝ չվստահելու չարագործներուն, յատկապէս Շուշին, մեր երեխաները կորսնցնելէ ետք ուշադիր ըլլալու, որովհետեւ այս ճիւաղները բոլորէն թաքուն որոշեցին սպաննել մեր տղաքը, Շուշին յանձել Ատրպէյճանին, հիմա, նոյն գաղտնապահութեամբ ալ կ՛որոշեն ամբողջ Հայաստանը յանձնել Թուրքիոյ:
Իր խօսքին մէջ «Ձայն հայրենեաց» նախաձեռնութեան անդամ, գրականագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Սերժ Սրապիոնեան ըսաւ, որ այս մարդը եկած է քանդելու այս երկիրը, ուստի պէտք չէ հաւատալ այն ընտրութիւններուն, որոնց ղեկավարը այս մարդը պիտի ըլլայ: Ան նշեց, որ այս իշխանութեան ներկայացուցիչները, համակիրները ամէն օր կը քարոզեն թուրքին հետ եղբայրութիւն ընելու գաղափարը: Ըստ անոր՝ ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ անոնք որեւէ բան չեն ըրած հայրենիքի համար, իսկ վաղը թուրքերը պարզապէս պիտի զարնեն ձեր տան դռները եւ բանան, այդ ժամանակ պիտի հասկնաք, թէ երեք տարի ասոնք մեզի ո՛ւր կը տանէին, ի՛նչ վախճան կը սպասէ մեզի։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ Նիկոլ Փաշինեան իր իշխանութիւնը կը պահէ ուժային ձեւերով եւ ոչ թէ օրէնքով, որովհետեւ ան կաշառեց ոստիկանութիւնը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը դարձաւ Նիկոլի անվտանգութեան ծառայութիւն՝ այդ ալ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ մենք շրջապատուած ենք թշնամիներով։
Ըստ Վազգէն Մանուկեանի՝ խաղաղ ցոյցերով չի լուծուիր այս հարցը, ուժին պէտք է հակադրել ուժ, խաղաղ զրոյցները տեղ չեն հասցնիր, պէտք է կարենալ ստեղծել ուժ, պէտք է աշխատիլ ամէն օր, զբաղիլ քարոզչական-գաղափարական աշխատանքով, կազմակերպչական աշխատանքով, պէտք է այցելել շրջանները, հանդիպիլ եւ ամէն տեղ ստեղծել մեր կառոյցները, եւ օր մը, ամբողջ ժողովուրդով բարձրանանք ու մէկ-երկու օրուան ընթացքին ոչնչացնենք ամէն ինչ: Ուժին պէտք է հակադրել ուժ, խաղաղ խօսակցութիւնները չեն օգներ։
Հանրահաւաքին աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց իրենց հետագայ աշխատանքները. մինչեւ 22 Ապրիլ շարժումը պիտի սկսի մարզերու այցելութիւններ, երկրորդ փուլը, երբ ինք հրաժարական տայ, այդ 14 օրերու ընթացքին պէտք է այդ տէ ժիւրէ հրաժարականը դարձնել տէ ֆաքթօ եւ հեռացնել զայն: Իսկ եթէ ամէն պարագայի, անկախ մեր կամքէն երկիրը երթայ ընտրութիւններու, կուսակցութիւնները պարտաւոր են յայտարարել երկու կարեւոր բան՝ առաջինը, որեւէ պարագայի որեւէ կուսակցութիւն, որեւէ ձեւաչափով պիտի չհամագործակցի այդ դաւաճանին հետ, իսկ երկրորդ, այդ ընտրութիւնները պէտք չէ ըլլան սովորական ընտրութիւններ, պէտք է ըլլան դաւաճանը հեռացնելու, հայրենիքը փրկելու ծրագիր ընտրութեան միջոցով:
Ընդդիմութեան հանրահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական երթը, որ անցաւ Բաղրամեան, Սարեան եւ Մաշտոց պողոտաներով եւ աւարտեցաւ Ֆրանսայի հրապարակին վռայ: